Իրավիճակը` Հալէպի Հայկական Թաղամասերուն Մէջ
By adminx - Tue Oct 02, 7:59 am
- 0 Comments
- 437 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ ներկայացնելով Հալէպի ընդհանուր վիճակը նշեց, որ երկու օրէ ի վեր կացութիւնը աւելի հանդարտ է, հակառակ անոր որ քաղաքի ծայրամասային թաղամասերուն մէջ կռիւները կը շարունակուին: Պոսթան Փաշայի մէջ բանակը իր ճնշումը կը բանեցնէ ետ մղելու համար զինեալ ընդդիմադիրները: Այս միջադէպերուն ընթացքին ձեռք անցուած են դիակներ կամ վիրաւոր վիճակով անհատներ, որոնք սուրիացիներ չեն:
Ռէյիսեան խօսեցաւ նաեւ Գամիշլիի մէջ տեղի ունեցած 1,5 թոն կշռող պայթուցիկ նիւթով ինքնաշարժով կատարուած անձնասպանական գործողութեան մասին, որ տեղի ունեցաւ ապահովական համալիրի մը դիմաց: «Բարեբախտաբար մեր ազգակիցներէն զոհեր կամ վիրաւորներ չկան, սակայն կան նիւթական մեծ վնասներ հայերու պատկանող կալուածներու մէջ», ընդգծեց Ռէյիսեան:
Ռէյիսեան դիտել տուաւ, որ այն քաղաքները, ուր կացութիւնը աւելի կայուն է, հոն սկսած է ուսումնական տարին, ինչպէս` Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ: Հալէպի մէջ Ազգային իշխանութիւնը դպրոցներու հոգաբարձութեանց եւ տնօրէնութեանց հետ պատրաստութեան մէջ են յառաջիկայ օրերուն Հալէպի մէջ եւս վերսկսելու ուսումնական կեանքը` ներկայ պայմաններուն հետ յարմարեցում կատարելով: Պետական քննութեանց պատրաստութեան դասարաններու (պրէօվէ եւ պաքալորիա) պարագային, անոնք արդէն սկսած են իրենց դասաւանդութիւններուն, թէեւ ոչ դպրոցի շէնքին եւ իրենց դասարաններուն մէջ, այլ աւելի ապահով ազգային կառոյցներու մէջ` նկատի առնելով անցնող օրերուն Նոր Գիւղի շրջանի իրադարձութիւնները:
Անցնող 10 օրուան ընթացքին Նոր Գիւղի մէջ տեղի ունեցած ընդհարումներուն պատճառով բնակիչներէն շատեր հեռացած էին աւելի ապահով շրջաններ` իրենց հարազատներուն մօտ, սակայն անցնող քանի մը օրուան ընթացքին աւելի կայունացած վիճակին բերումով շատեր սկսան վերադառնալ իրենց բնակարանները:
- 0 Comments
- 437 views
- Tweet
Email
Print



