Wednesday May 22, 2013

Օսկանեանը Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Միջնորդագիրը Ներկայացուեցաւ Ազգային Ժողովին

By adminx - Tue Oct 02, 8:02 am

Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեան երէկ Ազգային ժողովին պատգամաւորներուն ներկայացուց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը:

Աղբիւրին համաձայն, միջնորդագիրին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան կողմէ 25 մայիս 2012-ին յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեամբ բաւարար ապացոյցներ ձեռք բերուած են` փաստելու, որ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հիմնադիր եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վարդան Օսկանեանը իւրացուցած է բարեգործական նպատակներով իր միջոցով հիմնադրամին տրամադրելու նպատակով իրեն վստահուած առանձնապէս մեծ չափերու դրամական միջոցներ, այնուհետեւ տարաբնոյթ գործողութիւններ կատարած յանցաւոր ճանապարհով ձեռք բերուած այդ միջոցները օրինականացնելու ուղղութեամբ անով իսկ կատարելով ծանր յանցագործութիւններ` նախատեսուած Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի առաջին կէտով եւ 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի առաջին կէտով:

Քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի: Գործով, միջնորդագիրին համաձայն, ձեռք  բերուած են վերը շարադրուած հանգամանքները լուսաբանող բազմաթիւ փաստական տուեալներ, ներառեալ` դրամատնային գաղտնիք կազմող տեղեկութիւններ, որոնք, գործող օրէնսդրութեան պահանջներուն համաձայն, տակաւին հրապարակման ենթակայ չեն: Օսկանեան ներկայիս կը հրաժարի ցուցմունքներ տալու քրէական վարոյթը իրականացնող մարմինին եւ իր պարզաբանումները ներկայացնելու գործով ձեռք բերուած բազմաթիւ ապացոյցներու առնչութեամբ:

«Ձեռք բերուած ապացոյցներու համակցութիւնը բաւարար հիմք կու տայ Օսկանեանը քրէական սոյն գործով ներգրաւելու իբրեւ մեղադրեալ` առաջադրելով մեղադրանք առանձնապէս մեծ չափերու դրամական միջոցներ իւրացնելու եւ իւրացման արդիւնքով ստացուած եկամուտները օրինականացնելու համար», նշուած է միջնորդագիրին մէջ:

Առ այդ` ղեկավարուելով Հայաստանի սահմանադրութեան 66-րդ յօդուածով` Հայաստանի դատախազը կը միջնորդէ համաձայնութիւն տալ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Օսկանեանը` իբրեւ մեղադրեալ ներգրաւելու:

Ազգային ժողովին առջեւ խորհրդարանի որոշման կը սպասէին Օսկանեանին սատարող ցուցարարներ:

«Մենք Մեր Գործընկերը Պիտի Չյանձնենք»
Կ՛
ըսէ ՀՅԴ Խմբակցութիւնը

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ դրամը լուալու համար նախ պէտք է անիկա աղտոտ ըլլայ: Ան ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեանէն հետաքրքրուեցաւ, որ արդեօք կա՞յ Օսկանեանի դէմ առաջադրուած քրէական գործի որեւէ նախադէպ, երբ ոեւէ մէկը այսպիսի մեղադրանքով մեղադրուած է:

Դատախազը ընդգծեց, որ դրամներու լուացման մասին արխիւ ունին, եթէ կը հետաքրքրէ` կրնայ վիճակագրութիւնը տրամադրել:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Հանթսմանները հարցաքննութեան պիտի չհրաւիրեն, Յովսէփեան նշեց, որ չի կարծեր, թէ նախաքննչական մարմինը անհրաժեշտութիւնը ունի զանոնք Հայաստան հրաւիրելու:

Դաշնակցական պատգամաւորի այն դիտարկման, որ եթէ Օսկանեանը ներկայացնեն իբրեւ մեղադրեալ, եւ ան կրկին հրաժարի ցուցմունք տալէ, ի՞նչ պիտի ըլլայ, Յովսէփեան նշեց, որ ոչինչ պիտի ըլլայ, Վարդան Օսկանեան պիտի օգտուի իր իրաւունքներէն:

«Եթէ այդքան խոր ձեւով կը կատարուին ձեր քննարկումները, բացատրեցէք ինծի խնդրեմ, թէ այդ ինչպէ՞ս ձեր խոր քննարկումներուն ընդմէջէն ծնաւ այդ պայծառ միտքը` Վարդան Օսկանեանին կարելիութիւն տալ, որ ինքզինք պաշտպանէ: Իրաւաբան չկա՞ր ձեր մէջ, որ ըսէր, թէ այս մարդը պարտաւոր չէ ապացուցելու իր անմեղութիւնը», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան` աւելցնելով, որ առանց դատարանի որոշման ինչպէ՞ս Օսկանեանի դրամատան հաշիւները բացայայտեցին:

Ան հետաքրքրուեցաւ, որ Ազգային ժողովին մէջ «յանցակազմ» բառը իր իմաստը պահպանա՞ծ է, թէ՞ ոչ:

Դաշնակցական պատգամաւորը խօսեցաւ «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան մասին եւ նշեց, որ բարեգործական օգնութիւնը կը կուտակուի իր դրամատնային հաշիւին վրայ: Յովհաննիսեան հիմա շատ մտահոգուած է, որ այս ծրագիրին համար իր դէմ կ՛ըլլան եւ Ազգային ժողովը դէմ կը քուէարկէ եւ մեղաւոր կը հանէ զինք: Ան աւելցուց, որ Վարդան Օսկանեանը մեղադրուեցաւ լրտեսութեան մէջ նաեւ:

Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ իրենք բոլորին անձեռնմխելիութիւնը համաձայն են վերցնելու, բայց մեծամասնութիւնը կ՛ապացուցէ, որ ատիկա ձեւական է, քանի որ որեւէ պահու կրնան մարդուն զրկել անձեռնմխելիութենէն: «Երբեմն նոյնիսկ Գալուստ Սահակեանը ճիշդ բաներ կ՛ըսէ` այո, մենք դատարան չենք: Բայց մօտեցումը, թէ իբր թոյլ տանք Օսկանեանին ապացուցել իր անմեղութիւնը, կը բացայայտէ ամէն ինչ, ասիկա իրաւաբանական բոպիկութիւն է», յայտարարեց ան:

Պատգամաւորը նաեւ խնդրեց դատախազէն, որ իր եզրափակիչ ելոյթին մէջ անդրադառնայ այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան հարցին մէջ ալ իր դէմ միջնորդագիր ներկայացնեն: Յովհաննիսեան նաեւ յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի չմասնակցի քուէարկութեան:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նոյն հարցով յայտնեց, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը այս գործը սկսաւ դրամներու լուացման մեղադրանքով: Ըստ անոր, դրամները Հայաստանի բարեկամ պարոն Հանթսմանի կը պատկանին եւ եթէ դրամներու լուացում էր, ուրեմն Հանթսման պէտք է ըլլար լուացողը: Վարդանեան նշեց, որ հիմա այդ մեղադրանքը չկայ, այլ կայ դրամներու իւրացում եւ օրինականացում:

Աղուան Վարդանեան հարց տուաւ, որ Օսկանեան որո՞ւ դրամները իւրացուցած է: Հանթսման յայտնած է,   որ իր դրամները չէ իւրացուցած, ինք ամբողջ հոլովոյթէն տեղեակ է, իսկ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը, գործադիր տնօրէնը կ՛ըսեն, որ իրենց դրամները ոչ ոք իւրացուցած է: Ուրեմն, ըստ Վարդանեանի, պարզ է, որ իւրացում չկայ, բայց ան չի հասկնար, որ ինչու ընդհանուր դատախազը Ազգային ժողովի նիստին կը մասնակցի:

Աղուան Վարդանեան անդրադարձաւ Օսկանեանի անձին եւ գործունէութեան: Ան նշեց, որ մարդը սփիւռքահայ է եւ վերադարձած է հայրենիք եւ տասը տարի իբրեւ արհեստավարժ ղեկավարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Պաշտօնանկութենէն ետք Օսկանեան ստեղծած է հիմնադրամ եւ ծառայած է բազմաթիւ խնդիրներու լուծման:  Վարդանեան նշեց, որ Օսկանեան քննադատած է քաղաքական մենաշնորհի բացարձականացումը եւ կառավարութեան ընկերային-տնտեսական ձախողած քաղաքականութիւնը, եւ բնականաբար այս շրջագիծին մէջ Վարդան Օսկանեանին անձեռնմխելիութենէն զրկելու փորձը անկարելի է չորակել իբրեւ քաղաքական հետապնդում:

Դաշնակցական գործիչը իր խօսքը եզրափակեց` հարց տալով հետեւեալը. «Մեր առջեւը նախագահական ընտրութիւններն են: Այս քայլով մենք պիտի նուազեցնե՞նք, թէ՞ աւելցնենք քաղաքական ու հասարակական լարուածութիւնը, հանդուրժողականութեա՞ն, թէ՞ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ պիտի ստեղծենք, մեր քաղաքացիներուն մօտ պիտի մեծցնե՞նք, թէ՞ պիտի վերացնենք վստահութեան վերջին փշրանքները իշխանութեան եւ Հայաստանի ապագային նկատմամբ: Դաշնակցութեան խմբակցութեան համար այս հարցումներուն պատասխանը յստակ է: Մենք մեր գործընկերը պիտի չյանձնենք»:

Leave a Reply

Advertisement