Monday May 20, 2013

Գործարկուած Է Ստեփանակերտի Օդակայանը

By adminx - Tue Oct 02, 7:57 am

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան «Ստեփանակերտ» օդակայանը պաշտօնապէս սկսած է գործել: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:

«Պաշտօնապէս  հաւաստագիր ստացած ենք: Անիկա կը վկայէ  երկու բանի մասին` միջազգային չափանիշերուն օդակայանին համապատասխանութեան եւ օդանաւերու ընդունում-ուղարկում սկսելու իրաւունքի», յայտնած  է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր Քաղաքացիական օդանաւորդութեան վարչութեան պետ Տմիթրի Ադպաշեան` աւելցնելով, որ հաւաստագիրը ստացած են 28 սեպտեմբերին:

Այսպիսով, Ստեփանակերտի օդակայանը յանձնուած է գործարկման:

«Մենք աշխատակազմի ժողով գումարած ենք, եւ անոր 35 անդամներուն յանձնուած են պատուոյ գիրեր` օդակայանի գործարկման աշխատանքին համար», ըսած է Ադպաշեան:

Շուտով կը նախատեսուի սկսիլ Երեւանէն Ստեփանակերտ եւ յետադարձ թռիչքներ: Թռիչքներու սկիզբին եւ ժամանակացոյցին վերաբերեալ տակաւին յստակ տուեալներ չկան:

 

Leave a Reply

Advertisement