Monday May 20, 2013

Արցախի Մէջ Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Զուիցերիա – Հայաստան Բարեկամութեան Խումբը

By adminx - Tue Oct 02, 7:55 am

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ ժամանած Զուիցերիա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի պատուիրակութիւնը` համանախագահներ Ուելի Լոյենպերկի եւ Տոմինիք Տը Պիւմանի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Զուիցերիոյ եւ Արցախի կապերու զարգացման առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան Զուիցերիան նկատեց բարեկամ երկիր` բարձր գնահատելով անոր հաւասարակշռուած դիրքորոշումը եւ մօտեցումները համաշխարհային, ինչպէս նաեւ շրջանային հոլովոյթներուն մէջ:

Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ Արցախը շահագրգռուած է Զուիցերիոյ հետ բազմակողմանի համագործակցութեան մէջ` այս հոլովոյթին մէջ կարեւոր նկատելով խորհրդարաններուն միջեւ կայուն կապերու եւ գործնական յարաբերութիւններու հաստատումը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող շարք մը հարցերու: Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման, Լեռնային Ղարաբաղի լիիրաւ մասնակցութեամբ բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Այցելութիւն Քաշաթաղ

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 29 սեպտեմբերին այցելեց Քաշաթաղի շրջան եւ աշխատանքային խորհրդակցութիւն կազմակերպեց շրջանի վարչակազմին, պատասխանատուներուն, համայնքներու ղեկավարներուն եւ դպրոցներու տնօրէններուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան գիւղատնտեսութեան, մասնաւորաբար, բերքահաւաքին եւ կրթութեան մարզին վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Քաշաթաղի շրջանը, ունենալով զարգացման մեծ ներուժ, կրնայ դառնալ ամբողջ հանրապետութեան տնտեսութեան շարժիչ ուժը:

Շրջանի ընկերային-տնտեսական զարգացման շրջագիծին մէջ նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատեց նաեւ կրթութեան դերը` ընդգծելով, որ պետութիւնը յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ շրջանին մէջ կրթութեան մարզի զարգացման:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Սահակեան Բերձորի մէջ մասնակցեցաւ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններու բարերար Մաքսիմ Յակոբեանի կողմէ ժամանակակից փոխադրամիջոցներ տրամադրելու հանդիսաւոր արարողութեան:

Այցելութեան ժամանակ նախագահին կ՛ուղեկցէին Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Leave a Reply

Advertisement