Ազրպէյճանական Աղբիւր Մը Կը Հերքէ Կապալայի Ռատարի Կեդրոնին Հարցով Մոսկուայի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Մասին Լուրերը
By adminx - Tue Oct 02, 7:34 am
- 0 Comments
- 32 views
- Tweet
Email
Print
Աղբիւր մը «Տէյ.ազ» կայքէջին յայտնած է, որ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ Կապալայի ռատարի կեդրոնի վարձակալութեան մասին համաձայնագիրի ժամկէտի երկարաձգման վերաբերեալ որեւէ համաձայնութիւն չէ գոյացած:
Վերջերս որոշ լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Կապալայի ռատարի կեդրոնի վարձակալութեան հարցը արդէն լուծուած է, եւ յառաջիկային համաձայնագիրը պիտի երկարաձգուի երեք տարի ժամկէտով` նախկին ելեւմտական պայմաններով:
Ըստ աղբիւրին, Պաքու բազմիցս յայտարարած է իր տեսակէտը` վարձավճարը 7 միլիոնէն 300 միլիոն տոլարի հասցնելու մասին, «ինչ որ հիմնաւորուած է եւ համապատասխան է այսօրուան իրականութեան»: Ան նշած է, որ համաձայնութեան հասնիլ կարելի չէ:
Աղբիւրը կը պնդէ, որ եթէ Ռուսիա որոշէ վարձակալութիւնը 3 կամ 5 տարիով շարունակել, ապա ատիկա տեղի պիտի ունենայ միայն նոր գիներով:
- 0 Comments
- 32 views
- Tweet
Email
Print



