Ըստ Հարցախոյզի Մը Օպամա Չնչին Առաւելութեամբ Կը Գերազանցէ Ռոմնին
By adminx - Tue Oct 02, 7:31 am
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print
Չորեքշաբթի օր նախատեսուած պատկերասփռուած բանավէճի մը նախօրեակին «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին եւ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ գործող նախագահ Պարաք Օպամայի զօրակցողներուն համեմատութիւնը 49 առ հարիւր է, իսկ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Միթ Ռոմնիի զօրակցողներուն համեմատութիւնը` 47 առ հարիւր:
Հարցախոյզը նաեւ ցոյց տուաւ, որ անոր մասնակիցներուն 70 առ հարիւրը դժգոհ է դաշնակցային կառավարութեան աշխատանքէն, իսկ 51 առ հարիւրը կը կարծէ, որ կառավարութեան ծրագիրը աղքատներու կախեալութիւնը կ՛աւելցնէ, փոխանակ զանոնք իրենց ոտքերուն վրայ կանգնիլ քաջալերելու:
Քուէարկողներու 64 առ հարիւրին կարծիքով, Օպամա միջազգային հարցերու բարձր ծանօթութիւն ունի, ինչ որ զինք կրնայ ազդու նախագահի մը վերածել, իսկ անոնց 43 առ հարիւրը միայն նոյն հարցով Ռոմնիի կը զօրակցի:
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print




