Ըստ «Քորրիերէ Տելլա Սերա»-ի Քազզաֆի Սպաննուած Է Ֆրանսական Գաղտնի Սպասարկութեան Գործակալի Մը Ձեռամբ
By adminx - Tue Oct 02, 7:30 am
- 0 Comments
- 55 views
- Tweet
Email
Print
Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ իտալական «Քորրիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին յայտնած են, որ Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆի սպաննուած է ֆրանսական գաղտնի սպասարկութեան գործակալի մը ձեռամբ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ երեք օր առաջ լիպիացի յայտնի քաղաքագէտ Մաարուֆ Մահմուտ Ժըպրիլ, որ Քազզաֆիի սպանութեան օրը Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի գործադիր յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը կը վարէր, եգիպտական պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն յայտնած էր, որ Քազզաֆի «յեղափոխական ջոկատներուն շարքերուն մէջ զինուորագրուած» օտար գործակալի մը ձեռամբ սպաննուեցաւ:
Ըստ իտալական օրաթերթին, Լիպիոյ մայրաքաղաքին մէջ արեւմտեան դիւանագիտական շրջանակներու մէջ ամէնէն լայն տարածում գտած տեսակէտը այն է, որ Քազզաֆի իսկապէս սպաննուած է օտար գործակալի մը ձեռամբ, «որ ամենայն հաւանականութեամբ ֆրանսացի գործակալ մըն էր»:
Օրաթերթին կարծիքով, այս վարկածը կու գայ ամրապնդելու այն իրողութիւնը, որ Լիպիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի գործողութեան ընթացք առնելէն ետք, Քազզաֆի սպառնաց բացայայտել Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի 2007-ի նախագահական ընտրապայքարի ֆինանսաւորման մանրամասնութիւնները: «Սարքոզի Քազզաֆին կարելի եղածին չափ շուտ լռեցնելու բոլոր դրդապատճառները ունէր», կ՛աւելցնէ իտալական օրաթերթը:
«Քորրիերէ տելլա Սերա» նաեւ կը մէջբերէ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի ղեկավարներէն Ռամի Օպէյտիի այն յայտարարութիւնը, թէ Քազզաֆի փորձած է «Իրիտիում» արբանեակին կապուած հեռաձայնով հաղորդակցութեան մէջ մտնել իրեն ամէնէն հաւատարիմ անձնաւորութիւններու հետ, որոնք փախուստ տուած էին Սուրիա եւ կը գտնուէին Պաշշար Ասատի պաշտպանութեան տակ, երբ Ասատ անձնապէս անոր հեռաձայնի թիւը կը փոխանցէր Փարիզի, փոխան Սուրիոյ դէմ միջազգային ճնշումներու մեղմացման:
Օրաթերթը կը նշէ, որ ատկէ ետք Քազզաֆիի հեռաձայնին գտնուած վայրը յայտնաբերելը ՕԹԱՆ-ի ուժերուն համար որեւէ դժուարութիւն չներկայացուց, ինչ որ լիպիացի բռնատէրին ողբերգական աւարտին առաջին քայլը նկատուեցաւ:
- 0 Comments
- 55 views
- Tweet
Email
Print




