Ըստ Եգիպտացի Պաշտօնատարի Մը Փերեսի Հետ Հանդիպումի Սուտ Լուրին Նպատակը Մուրսիի Ժողովրդականութեան Վնաս Հասցնելն Է
By adminx - Tue Oct 02, 7:29 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրներու ղեկավար գրասենեակի անդամ Մուսթաֆա Ղունէյմի յայտնեց, որ «այն խօսքերը, թէ Իսլամ եղբայրները Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի ստեղծման կը ջանան, կատարեալ զրպարտութիւն եւ սուտ են»` վստահեցնելով, որ Իսլամ եղբայրները «պատերազմի ջատագով չեն, այլ` խաղաղութեան ջատագով»:
Ղունէյմի ըսաւ, որ Իսլամ եղբայրները չեն ուզեր, որ Եգիպտոս տկար պետութիւն մը ըլլայ, այլ` հզօր պետութիւն մը, որ անկախ որոշում ունի եւ կրնայ պատժել բոլոր անոնք, որոնք իր սահմաններն ու գերիշխանութիւնը կը բռնաբարեն, ինչպէս նաեւ կը մերժէ, որ իր արեւելեան սահմաններուն վրայ հիւլէական զինանոց ունեցող պետութիւն մը ըլլայ:
Իսլամ եղբայրներու պաշտօնատարը վստահեցուց, որ «այն բոլոր խօսքերը, թէ Եգիպտոսի նախագահը մտադիր է Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի հետ հանդիպում ունենալ, կատարեալ զրպարտութիւն եւ սուտ են, որոնց նպատակը անոր ժողովրդականութեան վնաս հասցնելն է, մասնաւորաբար վերջերս անոր արձանագրած քաղաքական յաջողութիւններէն ետք»:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print



