Էրտողան Վերընտրուեցաւ Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Ղեկավար
By adminx - Tue Oct 02, 7:25 am
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print
«Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերընտրուած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար:
Անգարայի մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 4-րդ ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ եղած է նոր ղեկավարի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացման նոր ուղղութիւններու սահմանման, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներուն դէմ պայքարին, Սուրիայէն գաղթականներու զանգուածային հոսքին, կրթութեան բարեփոխումներուն առնչուող հարցեր:
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print



