Նիւ Եորքի Մէջ Մանսուր Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Տարբեր Երկիրներու Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
By adminx - Mon Oct 01, 7:35 am
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ:
Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար, Եւրոպական Միութեան ներկայ նստաշրջանի նախագահ Էրաթօ Մարքոլիսի հետ: Քննարկումի նիւթ դարձաւ յառաջիկայ 13 հոկտեմբերին Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք արաբական-եւրոպական ժողովը, որուն պիտի մասնակցին արաբական եւ եւրոպական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու պետ Քեթրին Էշթըն:
Լիբանանի դիւանագիտութեան պետը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի հետ, ներկայութեամբ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի, ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն դեսպան Պաշշար Ժաաֆարիի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին լուծման համար ի գործ դրուող ջանքերը:
Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մաւրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Համատա Ուալատ Համատայի հետ:
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print




