Tuesday May 21, 2013

Ֆութպոլի Բարեկամական Փորձ-Մրցումի Մը Ընթացքին ՀՄԸՄ Յաղթեց Շարքի` 2-0 Արդիւնքով

By adminx - Mon Oct 01, 6:02 am

Պատրաստուելու համար Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանին շաբաթ, 29 սեպտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կատարեց բարեկամական մրցում մը` Շարքի դէմ:

Շարքի դաշտին վրայ (Ֆըրն Շըպպեք) տեղի ունեցած այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարելով եւ դաշտ ներկայանալով երիտասարդ խումբով մը, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (կիսախաղ` 0-0): Մամաս Քէհէեան եւ Գօգօ Աւետիսեան նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի երկու անպատասխան կոլերը:

Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր լիբանանցի միջազգային իրաւարար Վարդան Մաթոսեան:

Նշենք, որ Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը կը սկսի յառաջիկայ 16 նոյեմբերին:

Leave a Reply

Advertisement