Կռփամարտ. Վախթանկ Դարչինեան Յաղթեց Անպարտելի Լուիս Տել Վալէի
By adminx - Mon Oct 01, 5:58 am
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանը ներկայացնող արհեստավարժ կռփամարտիկ Վախթանկ Դարչինեան, նախորդ շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու մէջ իր կատարած ճակատումին յաջողեցաւ շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել` պարտութեան մատնելով Լուիս Տել Վալէն (Փորթօ Ռիքօ), որ նախքան իր այս ճակատումը կատարելը, իր կատարած բոլոր 16 հանդիպումներուն ալ յաղթանակներու շարք մը արձանագրած էր:
Մրցամարտը, որ բաղկացած էր 10 ռաունտէ, ընթացաւ հայ մարզիկին առաւելութեամբ:
Այս լուրը, որ կը փոխանցէ Armsport.am հայկական մարզական լրատուական կայքէջը, կ՛ըսէ, որ Դարչինեան, որ բաւական լաւ պատրաստուած էր, ընդհանրապէս կը յաջողէր իր տուած հարուածները հասցնել իրենց նպատակին:
10-րդ ռաունտէն ետք իրաւարարները յաղթանակը շնորհեցին Վախթանկին` 99-91, 99-91 եւ 96-94 արդիւնքով:
Երկրորդ թեթեւ կարգի մրցումներուն մասնակցող Դարչինեան իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք տիրացաւ Էն. Էյ. Պի. Էֆ.ի ախոյեանութեան գօտիին:
36 տարեկան հայ կռփամարտիկը, որ այսպիսով կատարեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 44-րդ ճակատումը, արձանագրեց իր 38-րդ յաղթանակը:
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print




