Friday May 24, 2013

Զօր. Աուն Երկօրեայ Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Ժիպէյլ

By adminx - Mon Oct 01, 7:40 am

Զօր. Աուն Ժիպէյլի մէջ կ՛ողջունէ իր համակիրները

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն անցեալ շաբաթավերջին երկօրեայ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ժիպէյլ, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ:

Զօր. Աուն ունեցաւ նաեւ ժողովրդային հանդիպումներ, որոնց ընթացքին հաստատեց խորհրդարանին մէջ արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի մը վաւերացումը անխուսափելի է` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ տեղի ունենան, իրենց հակառակորդ քաղաքական ուժերը պիտի պարտուին:

Պիր Հիթ գիւղաքաղաքին մէջ զօր. Աուն շեշտեց, որ երկրին համար փոփոխութիւնն ու բարեկարգումը անհրաժեշտ են, որովհետեւ լիբանանցիներուն գումարները գողցուած են, եւ 1992-էն ի վեր երկրին մէջ ամէն բան կ՛ընթանայ առանց հաշուետուութեան:

Զօր. Աուն այցելեց նաեւ Քարթապա, ուր ընդգծեց, որ իրենց որդեգրած քաղաքականութիւնը Լիբանանի մէջ կայունութիւն ապահոված է, հակառակորդը ընդունի կամ չընդունի այդ մէկը: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ պարտութեան հաւանականութեան առումով իրենց հիմնական մտահոգութիւնը այն է, որ Սուրիոյ մէջ պիտի ամրապնդուի արմատականութիւնը, որուն նշոյլները կ՛երեւին հիւսիսային Լիբանանի մէջ: «Մենք մեր հողին վրայ չենք կրնար ընդունիլ նման խորթ կացութիւններ, որոնք մեր գոյութեան կը սպառնան», ըսաւ զօր. Աուն:

Աքուրա ուղղուելու ընթացքին զօր. Աուն շեշտեց, որ ազգային միասնականութիւնը առաջին ազդակն է` պաշտպանելու Լիբանանը, եւ այդ մէկը կարելի է ապահովել ուրիշը ընդունելով եւ միայն Լիբանանին կապուելով:

«Ժիպէյլը բարգաւաճման լուրջ կարիք ունի, որովհետեւ անոր անհրաժեշտ հոգատարութիւնը չէ ցուցաբերուած», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ ոմանք կ՛արգելակեն բարգաւաճման ծրագիրներու իրականացումը, «իսկ մենք երբ կը մտածենք շրջանի մը օգտակար դառնալու մասին, քաղաքական թէ ընտրական հաշիւներու մասին չենք մտածեր, այլ` բարգաւաճման, որովհետեւ մենք պատասխանատու ենք լիբանանցիներուն կարիքներուն», նշեց ան:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդը բարգաւաճման ոչ մէկ ծրագիր մշակած է, այլ` ընտրութիւններու յաղթանակներու ապահովումին մասին մտածած է:

Զօր. Աուն նշեց, որ Միջին Արեւելքը ներկայիս կը գտնուի հրդեհի մը մէջ, որուն աւարտին գծով ոչինչ յստակ է եւ ոչ ոք գիտէ, թէ անիկա ե՛րբ պիտի աւարտի: «Ճիշդ է, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ մենք չէզոք կեցուածք ցուցաբերած ենք, սակայն չենք ընդունիր, որ խորթ երեւոյթներ արձանագրուին Աքքարի եւ Թրիփոլիի մէջ, ինչպէս նաեւ այդ շրջաններէն չենք կրնար մենք զմեզ զանց կացուցել», յայտնեց զօր. Աուն:

Այլ գիւղաքաղաքի մը այցելութեան ընթացքին զօր. Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ բազմաթիւ կուսակցութիւններ կը ստանան խորհրդարանին մեծամասնութիւնը, սակայն ժողովուրդը չի ստանար իր իրաւունքը: Ան նշեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի հետ իր դաշինքը խորհրդարանական փոքրամասնութիւն եւ ժողովրդական մեծամասնութիւն կ՛ընծայէ, հակառակ իր հակառակորդ քաղաքական ուժերուն, որոնք առանց ժողովրդականութեան խորհրդարանին մեծամասնութեան կ՛արժանանան:

Կիրակի առաւօտեան իր շրջապտոյտին շրջագիծին մէջ զօր. Աուն այցելեց նաեւ Մըշմիշ եւ Թարթիժ  գիւղաքաղաքները:

Կէսօրին ան ներկայ գտնուեցաւ Աննայայի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին:

Նշենք, որ զօր. Աուն Ռաս Օսթայէն կոչ ուղղեց պահպանելու համերաշխութիւնը եւ բազմազանութիւնը: Ան շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը Լիբանանը փրկած է իր դէմ գծուած դաւադրութիւններէն, որոնցմէ է յուլիսեան պատերազմը:

Զօր. Աուն այցելեց նաեւ Լըհֆետ, ուր կը գտնուի երանելի Ըսթֆեն Նաամէի բնակարանը:

Լըհֆետէն ետք զօր. Աուն այցելեց Էհմեժ, ուր շեշտեց, որ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական ծրագիր մը պահանջող կողմերը կը փափաքին Լիբանանը պառակտել, որովհետեւ անոնք պատեհապաշտներ են:

Ան շեշտեց, որ լիբանանցիներուն մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելողը պէտք չէ խորհրդարանին մէջ փոքրամասնութիւն դառնայ:

«Մենք համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին կը զօրակցինք, նոյնիսկ եթէ ան պատճառ կը դառնայ, որ մենք չորս երեսփոխան կորսնցնենք, սակայն մենք ճշգրիտ ներկայացուցչութեան կը զօրակցինք», ըսաւ ան:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահը ջնջեց Իլիժի Տիրամօր վանք իր կատարելիք այցելութիւնը` նկատի ունենալով, որ Իլիժի Տիրամօր վանքին մօտակայքը հաւաքուեցան մեծ թիւով բնակիչներ, որոնք մերժեցին զօր. Աունի կատարելիք այցելութիւնը, որովհետեւ այդ վանքին մօտ կը գտնուի 1990-ի պատերազմին զոհուած Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նահատակներուն գերեզմանատունը:

Ցուցարարներուն մեծ մասը այդ նահատակներուն հարազատներն էին, որոնք կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին ներկայ գտնուեցան իրենց հարազատներուն հոգիներուն համար մատուցուած պատարագին:

Մայֆուքի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան համակիրներուն եւ շրջանէն անցնող զօր. Աունի շքախումբին անդամներուն միջեւ արձանագրուեցաւ լուտանքներու եւ վարկաբեկիչ յայտարարութիւններու միջադէպ մը, որ իսկոյն հակակշիռի տակ առնուեցաւ բանակին կողմէ:

Զօր. Աուն այցելեց Մայֆուք գիւղաքաղաքը եւ ապա առանց Իլիժի Տիրամօր վանք այցելութեան, ուղղուեցաւ Պըժժէ գիւղաքաղաք:

Մայֆուքի մէջ զօր. Աուն շեշտեց, որ նահատակը ոչ ոքի կը պատկանի, այլ` ամբողջ երկրին եւ բոլորին:

Պըժժէէն ետք զօր. Աուն ուղղուեցաւ Ղալապուն եւ Հսարաթ գիւղաքաղաքները:

Երեկոյեան զօր. Աուն այցելեց մարոնի համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդարանը, որ կը գտնուի Ամշիթի մէջ:

Զօր. Միշել Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Ժիպէյլի մարոնի համայնքի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսին հետ:

 

Leave a Reply

Advertisement