ԶՈՄ-ականներ Եւ ԼԵՄ-ականներ Ներկայ Գտնուեցան «Ֆեթիհ 1453» Ժապաւէնին Դէմ Կատարուած Ցոյցին
By adminx - Mon Oct 01, 7:39 am
- 0 Comments
- 204 views
- Tweet
Email
Print
Շաբաթ, 29 սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, կազմակերպութեամբ ուղղափառ Մաշրեք կուսակցութեան հիմնադիր խորհուրդին, Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բազմամարդ ցոյց մը` առ ի բողոք լիբանանեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ ցուցադրուելիք թրքական «Ֆեթիհ 1453» ժապաւէնին դէմ, որ կը ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան Մոհամետ Ֆաթիհ սուլթանին կողմէ Կ. Պոլսոյ բռնագրաւման պատմութիւնը:
Կազմակերպիչները իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէին, որ «Ֆեթիհ 1453» ժապաւէնը կը խեղաթիւրէ պատմութիւնը եւ աղաւաղուած ձեւով կը ներկայացնէ Կ. Պոլսոյ բռնագրաւման պատմութիւնը: Անոնք նաեւ դիտել տուին, որ ժապաւէնը անարգանք է քրիստոնեայ ուղղափառութեան նկատմամբ:
Յայտնենք, որ նշեալ ցոյցին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի անդամներ:
- 0 Comments
- 204 views
- Tweet
Email
Print



