Wednesday May 22, 2013

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներու Ներկայացուցիչները

By adminx - Mon Oct 01, 7:37 am

Միքաթի` Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին վերադարձաւ Լիբանան` աւարտելէ ետք Նիւ Եորք կատարած իր այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան տարբեր երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպումներ ունեցած էր, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին արտասանած Լիբանանի կեցուածքը:

Նախքան Լիբանան իր վերադարձը, Միքաթի հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ Իրաքի փոխնախագահ Խտէյր Խզայիի, Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարիի, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու պետ Քեթրին Էշթընի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Շաբաթավերջին, Միքաթի վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց շարքին էր նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ:

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Օլոֆ Սքուկ, որ յայտնեց, թէ վարչապետ Միքաթիի հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ պատուիրակութիւնը վերահաստատած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կառչած կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան:

Ան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ ամրապնդել երկրին ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ շարունակել լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը:

Սքուկ ողջունեց լիբանանեան բանակը եւ դրուատեց անոր դերակատարութիւնը` լիբանանցիները պաշտպանելու առումով:

Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները` ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կը դրուատէ Լիբանանի որդեգրած չէզոք քաղաքականութիւնը` Լիբանանը զերծ կացուցելու համար շրջանին տագնապներէն:

Եւրոպական պատուիրակութեան բանբերը նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը քաջալերէ Լիբանանը ՄԱԿ-ի բանաձեւերը գործադրելուն առումով, ինչպէս նաեւ քաջալեր կը հանդիսանայ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին լիբանանեան պետութեան կողմէ ընտրական օրէնքին բարեփոխումին:

Միւս կողմէ, լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցներուն ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին: Ան պաշտպանեց կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ եւ Լիբանանը կը բաժնէ միջակ ընտրաշրջաններու:

Վարչապետը յայտնեց, որ Նիւ Եորքի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկած է լիբանանցի առեւանգեալներուն թղթածրարը, որ լուծման հոլովոյթին մէջ է եւ հաւանական է, որ ազատ արձակումի երրորդ քայլը ընդգրկէ մնացեալ ինը առեւանգեալները:

Միքաթի դիտել տուաւ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութեան պետ Քեթրին Էշթըն շեշտած է, որ Եւրոպական Միութիւնը յաւելեալ գումարներ պիտի փոխանցէ Լիբանանի կառավարութեան` Սուրիայէն ժամանած գաղթականներուն օժանդակելու նպատակով:

Վարչապետ Միքաթի նաեւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իրանեան Յեղափոխական պահակագունդը գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հեռու մնալու Սուրիոյ տագնապէն:

«Լիբանան ոչ ոքի համար կրնայ դէպի Սուրիա անցք դառնալ: Այդ առումով լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը պէտք չէ անտեսել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Սուրիոյ արիւնահեղութիւնը կասեցնելու համար արաբական անկեղծ դերակատարութեան կարիք կայ եւ ոչ թէ միջամտութեան:

Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետը վերահաստատեց Սուրիոյ տագնապէն  Լիբանանի չէզոք կեցուածքը եւ աւելցուց, որ Լիբանան չի փափաքիր Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement