Նախագահ Սլէյման Մեկնեցաւ Փերու
By adminx - Mon Oct 01, 7:36 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մեկնեցաւ Փերու, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ արաբական-լատինամերիկեան տնտեսական վեհաժողովին:
Վեհաժողովը կը սկսի վաղը` մայրաքաղաք Լիմայի մէջ:
Նախագահ Սլէյման Փերուէն ետք պիտի մեկնի Արժանթին եւ Ուրուկուէյ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ուրուկուէյի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանրապետութեան նախագահին կ՛ընկերակցի լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի, նախկին նախարարներ Նաժի Պուսթանի եւ Զիատ Պարուտ, ինչպէս նաեւ լրագրողներու պատուիրակութիւն մը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց վերջինիս Նիւ Եորք կատարած այցելութեան արդիւնքները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Պէյրութի քաղաքապետարանի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Պիլալ Համատի: Պատուիրակութիւնը նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց քաղաքապետարանին ծրագիրները Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print




