Thursday May 23, 2013

Նիւ Եորքի Մէջ` Մոալլեմ – Ֆելթման Հանդիպում

By adminx - Mon Oct 01, 7:22 am

Ֆելթմանի եւ Մոալլեմի միջեւ հանդիպումէն պահ մը

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերով խորհրդական Ճեֆրի Ֆելթմանի, ինչպէս նաեւ այլ դիւանագէտներու հետ:

Ան Իպրահիմիի հետ քննարկեց վերջինիս առաքելութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր յաջողութեան համար Սուրիայէն եւ այլ կողմերէն պահանջուած քայլերը:

Մոալլեմ ըսաւ, որ Իպրահիմիի առաքելութիւնը յաջողելու համար կը կարօտի զինեալ խմբաւորումներու պատսպարման, մարզումին, զինումին եւ ֆինանսաւորումին վերջ տալու, որպէսզի ազգային երկխօսութեան առջեւ ճամբան հարթուի:

Հանդիպումին ընթացքին ան վերահաստատեց Իպրահիմիի կողմէ որեւէ շինիչ ջանք ողջունող Սուրիոյ կեցուածքը եւ վստահեցուց, որ իրենք այդ առաքելութեան բարեյաջող աւարտին համար ամէն դիւրութիւն պիտի ընծայեն:

Ֆելթմանի հետ հանդիպումին ընթացքին վերջինս ներկայացուց իր խմբակին կողմէ «մարդասիրական բեռի թեթեւացման նպաստելու» ուղղութեամբ առնուած քայլերը:

Մոալլեմ իր կարգին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի եւ եւրոպական պետութեանց տնտեսական պատժամիջոցները  սուրիացի ժողովուրդի օրապահիկը թիրախ դարձնող գլխաւոր արգելքն են` նշելով, որ «պատժամիջոցները վերցնելը շատ աւելի լաւ է, քան անոնց հետեւանքներու դարմանումը», ինչպէս նաեւ Ֆելթմանի ներկայացուց սուրիական պետական ու սեփական կառոյցներուն եւ ենթակառոյցներուն դէմ զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ ծրագրաւորուած յարձակումները, ինչ որ կառավարութեան կողմէ իր քաղաքացիներուն տրամադրած ծառայութիւնները կ՛ուշացնէ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Իրանի կոչ ուղղեց` սուրիական վարչակարգին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած աջակցութիւնը դադրեցնելու` զգուշացնելով, որ այդպիսի կեցուածք մը «պատմութիւնը պիտի չներէ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ զգուշացուց Սուրիոյ մէջ յարանուանական պատերազմէ մը, որ կրնայ ամբողջ շրջանը կլանել` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով «այդտեղի քաղաքայինները պաշտպանելու»: «Այդ երկրին մէջ կացութիւնը այլեւս ամբողջ շրջանի խաղաղութեան եւ ապահովութեան վտանգ կը ներկայացնէ»:

Մինչ այդ, Աքչաքալէ շրջանին մէջ հրասանդի հրթիռներու իյնալէն եւ թուրք քաղաքայիններու վիրաւորուելէն ետք, թրքական բանակը Ուրֆա նահանգի Սրուճ շրջանին մէջ իր ուժերը ամրապնդեց: Ուրֆայէն շարք մը զինուորական փոխադրակառքեր, տասնեակներով հրասայլեր եւ զրահապատ մեքենաներ փոխադրուեցան դէպի Սուրիոյ հետ սահման:

Նշենք, որ Թուրքիա հրասանդի տիպի հրթիռներու դէպքին շուրջ բողոքագիր մը ուղղած էր սուրիական կողմին:

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին Արեւմուտքը զգուշացուց Լիպիոյ մէջ իր կատարած սխալները կրկնելէ:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթը ճշդուած ժամկէտներու ծիրին մէջ սկսելու: Ան նշեց, որ Իրաք Իրանէն պահանջած է դէպի Սուրիա զէնք փոխադրելու համար իր օդային տարածքի օգտագործումը դադրեցնելու` նշելով, որ իրանեան կարգ մը օդանաւեր պիտի սկսին քննութեան համար իրաքեան օդակայաններ էջք կատարել:

Միւս կողմէ,  Թուրքիա հերքեց «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հաղորդած այն տեղեկութիւնը, թէ յունիսին Սուրիոյ վերեւ վար առնուած թրքական զինուորական օդանաւի օդաչուները վերապրած են օդանաւի ջախջախումէն, սակայն հետագային սուրիական ապահովական ուժերուն կողմէ մահապատիժի ենթարկուած են:

Թուրքիոյ վարչապետի աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ «յստակ է, թէ «Արապիա»-ի հրապարակած փաստաթուղթերը շինծու են»:

Ապահովական գետնի վրայ, երէկ Քամիշլիի մէջ քաղաքական ապահովութեան դպրոցին դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը կատարուեցաւ: Ականուած ինքնաշարժին պայթումին պատճառով արձանագրուեցան 4 զոհեր եւ շարք մը վիրաւորներ: «Մայատին» հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Իտլիպի մէջ Սուրիական ազատ բանակի եւ «շրջանային երկրի մը գաղտնի սպասարկութեան» անդամներ սպաննած է:

Հալէպի մէջ երէկ բախումները շարունակուեցան մասնաւորաբար Նէյրապ օդակայանին մօտ: Սուրիական բանակը յաջողեցաւ Թել Զարազիրի թաղերուն մեծամասնութիւնը իր վերահսկողութեան տակ առնել:

 

Leave a Reply

Advertisement