Thursday May 23, 2013

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

By adminx - Mon Oct 01, 7:21 am

Երէկ երեկոյեան Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ անցնող երկու օրերուն Դամասկոսի մէջ ծանր իրադարձութիւն չէ արձանագրուած, բացի Հարասթա եւ Տումա արուարձաններուն մէջ, ուր կը շարունակուին բախումները սուրիական բանակին եւ զինեալներուն միջեւ:

Միւս կողմէ, ըստ սուրիական աղբիւրներուն, մայրաքաղաքի հիւսիսային շրջանին, մանաւանդ Ժոպար, Քապուն եւ Պարզէ շրջաններուն մէջ զինեալ գործողութիւնները աւարտած են եւ այդ արուարձանները անցած են սուրիական բանակի վերահսկողութեան տակ:

 

Leave a Reply

Advertisement