Thursday May 23, 2013

«Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Իսլամներուն Համար Բնորդի Վերածուած Է» Ըսաւ Էրտողան

By adminx - Mon Oct 01, 7:19 am

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 4-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ իշխող իր կուսակցութիւնը իսլամական այլ պետութիւններու համար բնորդի վերածուած է:

Էրտողան յայտարարեց, որ հիմնուելով կուսակցութեան ներքին կանոններուն վրայ, վերջին անգամ ըլլալով իր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ կուսակցութեան ղեկավարութեան` նշելով, որ «պիտի ձգտինք, որ մեր առաքելութիւնը իր երթը շարունակէ»:

Ան թուրք ժողովուրդին վստահեցուց, որ իր կուսակցութեան ղեկավարներէն շատեր կրնան երթը շարունակել եւ առաքելութեան իրագործման համար ամէն ջանք թափել` ձերբազատուած ամէն տեսակի անձնական շահերէ եւ նպատակներէ, ինչպէս նաեւ մերժելով անձնասիրութիւնն ու եսասիրութիւնը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան հիւրերու շարքին էին Եգիպտոսի եւ Խըրխըզիստանի նախագահները: Իրաքի վարչապետ Նուր Մալիքի մերժած էր ժողովին ներկայ գտնուելու հրաւէրը:

Համաս շարժումի ղեկավար Խալետ Մաշաալ ժողովի բացման նիստին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը «իսլամութեան պայծառ դէմքը» ցոյց տուաւ: Ապա խօսքը Թուրքիոյ վարչապետին ուղղելով ըսաւ. «Էրտողա՛ն, դուն այժմ միայն Թուրքիոյ ղեկավարը չես, դուն նաեւ իսլամական աշխարհին մէջ ղեկավար մըն ես»:

Թրքական կողմը Լիբանանէն, արաբական աշխարհէն, Կեդրոնական Ասիայէն, Կովկասէն, Պալքաններէն եւ մինչեւ իսկ Եւրոպայէն շուրջ 100 անձնաւորութիւններու հրաւէրներ ուղղած էր:

Նշենք, որ ժողովին ներկայ գտնուելու հրաւէրներ ստացած էին շարք մը լիբանանցի քաղաքական գործիչներ: Լիբանանեան «Լիուա» օրաթերթը շաբաթ օր հաղորդեց, որ հրաւիրեալներու շարքին էին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ սակայն յայտնած է, թէ ընտանեկան պատճառներով  պիտի չկարենայ ներկայ գտնուիլ ժողովին: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նոյնպէս յայտնած է, որ պիտի չկարենայ ներկայ գտնուիլ: Օրաթերթը կը նշէր, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի, երեսփոխան Ժամալ Ժարրահի եւ Մարտ 14-ի ուժերէն պատուիրակութեան մը հետ պիտի մեկնի Անգարա: Մուսթաքպալ հոսանքի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ Ահմետ Հարիրի ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Աթեֆ Մաժտալանիի եւ Ժամալ Ժարահի մեկնած է Թուրքիա` իբրեւ նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ:

«Ժումհուրիա» շաբաթ օր հաղորդեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ եւ անոր տեղակալ Սըժաան Քազզի, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի մասնակցին ժողովին: Օրաթերթը կը նշէ, որ Անգարայի մէջ արաբ ղեկավարներու եւ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներու միջեւ հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան:

Ըստ «Ժումհուրիա»-ի, հրաւիրուած էր նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, սակայն վերջինս յայտնած է, որ պիտի չկարենայ ներկայ գտնուիլ, առանց որ ներկայացուցիչ մը նշանակէ:

Մուրսիի Խօսքը

Մուրսի` Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին իր արտասանած ճառին ընթացքին

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի Անգարայի մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 4-րդ ընդհանուր ժողովի բացման նիստին ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին փոխանցեց «եգիպտացի ժողովուրդին ողջոյնները»` նշելով, որ եգիպտացի եւ թուրք ժողովուրդները հասարակաց յոյս ու նպատակ ունին այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ աշխարհը արդարութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան կը կարօտի:

Ան ըսաւ, որ թուրք ժողովուրդը իր դերը ճիշդ ձեւով եւ վարպետութեամբ կը կատարէ, ինչ որ իր ինքնութիւնը կը պահպանէ: Ան նշեց, որ «եգիպտացի ժողովուրդը շատոնց ազատութիւնը, արդարութիւնը, հաւասարութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը կարօտցած էր, ինչ որ զինք մղեց օրհնեալ յեղափոխութեան»` աւելցնելով, որ աշխարհի վրայ առաջին նախագահը, որ Եգիպտոս այցելեց` եգիպտացի ժողովուրդը շնորհաւորելու համար, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլն էր, որ յայտարարած էր, թէ Թուրքիա եգիպտացի ժողովուրդին կողքին կը կանգնի:

Մուրսի ըսաւ, որ Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունին հասարակաց նպատակներ, որոնց կարեւորագոյններն են ազատութիւնը, որուն համար կը պայքարին ժողովուրդները, արդարութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ժողովուրդը ըլլայ իշխանութեան աղբիւրը` շեշտելով, որ բազմաթիւ ժողովուրդներ, ինչպէս` պաղեստինցիներն ու «Սուրիոյ սիրելի ժողովուրդը», այդ ուղիէն կ՛անցնին` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ տագնապը մեր սրտերը կ՛արիւնէ եւ պիտի չհանգչինք, մինչեւ որ արիւնահեղութիւնը դադրի եւ անոր ներկայ անիրաւ ղեկավարութիւնը չքանայ»:

Եգիպտոսի նախագահը ըսաւ, որ իր երկրին եւ Թուրքիոյ միջեւ հասարակաց նպատակներէն են նաեւ անիրաւութեան եւ որեւէ ուժի կողմէ մարդոց ազատութիւնը կապտելու բոլոր փորձերուն դէմ դնելը, որովհետեւ ամէնէն ազնիւ նպատակը մարդիկ, անհատներ, ժողովուրդներ, պետութիւններ եւ կառավարութիւններ ազատագրելն է, որպէսզի բոլորը համագործակցութեամբ եւ սիրով ապրին, առանց որեւէ թշնամութեան:

 

 

Leave a Reply

Advertisement