Wednesday May 22, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Mon Oct 01, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Դուք ձեզի հետ, ձեր մտածումներուն հետ համաձայն եւ ներդաշնակ վիճակի մէջ պիտի ըլլաք եւ ամէն ինչ յստակ եւ պարզ պիտի տեսնէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ կարգ մը աշխատանքներ շատ դժուար կը թուին ձեզի, դիմեցէք օգնութեանը ձեզի ծանօթ փորձառու եւ բարեացակամ անձերու:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի գիտնաք ստեղծել հաճելի պահեր եւ մթնոլորտը պիտի դարձնէք բարեկամական, նոյն ատեն պիտի օգնէք ուրիշներու: Հիանալի է օրը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Չէք գիտեր, թէ օրը ի՛նչ նորութիւն կը բերէ ձեզի: Կրնաք պատրաստուիլ նոր կազմաւորումի մը ունենալու` վաղուան հարցերը դիմագրաւելու:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գիրքերը կարեւոր տեղ մը պիտի գրաւեն ձեր առօրեային մէջ: Այս տրամադրութիւնը ձեզ պիտի առաջնորդէ դէպի նորութիւններ իմանալու:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր առօրեան ընդհանրապէս դրական ընթացք ունի ձեր կեանքին մէջ, բայց երբեմն կրնաք փոփոխութիւն կատարել նորութիւններով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ կողակից մը կամ ընկեր մը ունիք, ձեր միջեւ եղած հարցերը լուծեցէք միասնաբար, հասկացողութեամբ: Բարեացակամ եղէք, կ՛օգտուիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ վատ տրամադրութեամբ արթնցած էք, ձեզմէ հեռացուցէք յոռետես մտածումները եւ սկսեցէք ձեր աշխատանքին ամենայն լաւատեսութեամբ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս լաւ վիճակի մէջ կը գտնուիք: Աշխատանքային մարզը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ այս ձեւով:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր տան մէջ ստեղծուած ամէն տեսակ վէճի կամ թիւրիմացութեան պէտք է լուծում մը գտնէք, ինչ որ անկարելի չէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւ ժամանակ մը պիտի անցընէք ձեզի մօտիկ անձերու հետ: Առիթը պիտի ունենաք երիտասարդ կամ պատանիներու հետ երկխօսութիւն մը ունենալու հաճելի մթնոլորտի մէջ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր գործերը լաւ կ՛ընթանան, լաւ կ՛աշխատիք, բայց հեռու մնացէք միօրինակ կրկնութիւններէ, որպէսզի չձանձրանաք: Փոփոխութեան պէտք ունիք:

Leave a Reply

Advertisement