Wednesday May 22, 2013

Հաղորդագրութիւն. Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի Փակումը

By adminx - Sat Sep 29, 7:20 am

Հայ կա­թո­ղի­կէ եպիս­կո­պո­սաց տա­րե­կան սիւն­հո­դո­սը, գու­մար­ուած` 18 սեպ­տեմ­բեր 2012-ին, Զմմա­ռու Փոխ­ման Կու­սին վան­քին մէջ, փակ­ուե­ցաւ հինգ­շաբ­թի, 27 սեպ­տեմ­բեր 2012-ին:

Ժո­ղո­վին օրա­կար­գը գլխա­ւո­րա­բար կը պա­րու­նա­կէր Հայ կա­թո­ղի­կէ պատր­ի­ար­քու­թեան ու հա­մայն­քին հետ առնչ­ուած հիմ­նա­կան հար­ցեր, որոնք, յետ ման­րա­մասն ու­սում­նա­սի­րու­թեան, յան­գե­ցան նիւ­թե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան յանձ­նա­խում­բե­րու կազ­մու­թեան:

Զա­նա­զան գլուխ­նե­րուն նիւ­թերն են.

- Սիւն­հո­դո­սին դե­րը հա­մայն­քա­յին կեան­քին կազ­մա­կերպ­ման եւ աշ­խու­ժաց­ման մէջ եւ անոր որո­շում­նե­րուն գոր­ծադ­րու­թիւնը կղե­րին եւ հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն կող­մէ:

- Գնա­հա­տում ցարդ գու­մար­ուած պատր­ի­ար­քա­կան հա­մա­գու­մար­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պում յա­ջոր­դին:

- Կղե­րին կեանքն ու առա­քե­լու­թիւնը եկե­ղեց­ւոյ նո­րա­գոյն ու­սու­ցում­նե­րուն լոյ­սին ներ­քեւ:

- Պատր­ի­ար­քա­կան ատ­եա­նի իրա­ւա­սու­թիւն­նե­րուն ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն սահ­մա­նու­մը:

- Դպրե­վանք­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու վե­րա­կազ­մա­ւո­րու­մը:

- Մի­ա­բա­նու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը նուի­րա­պե­տու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­պե­տու­թիւն­նե­րուն հետ:

- Հա­մադ­րու­թիւն թե­մե­րու եւ պատր­ի­ար­քու­թեան մի­ջեւ ծրա­գիր­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան:

- Աշ­խար­հա­կան­նե­րու առա­քե­լու­թիւնը եւ անոնց քրիս­տո­նէ­ա­կան մնա­յուն կազ­մա­ւոր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը:

Այս կէ­տե­րուն առըն­թեր ժո­ղով­նե­րու նիւթ դար­ձան ըն­թա­ցիկ հար­ցեր, որոնք կը վե­րա­բե­րին ծի­սա­կան կեան­քին, քրիս­տո­նէ­ա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան, դպրոց­նե­րու մէջ քա­հա­նա­յա­կան կո­չում­նե­րու ար­ծար­ծու­մին, հա­ղոր­դա­մի­ջոց­նե­րու արդ­ի­ա­կա­նաց­ման եւ այլն:

Զե­կու­ցում տրուե­ցաւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կի հան­դի­սու­թեանց կազ­մա­կեր­պու­մին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին` մի­աց­եալ միջ­հա­մայն­քա­յին յանձ­նա­խում­բին հետ:

Քսա­նե­րորդ դա­րու հայ նա­հա­տակ­նե­րու երա­նաց­ման ի խնդիր տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րը պար­զեց առ այդ կազմ­ուած յա­տուկ յանձ­նա­խում­բը` ստա­նա­լով նոր ուղ­ղու­թիւն­ներ իր գոր­ծը յա­ռաջ տա­նե­լու հա­մար:

Աստ­ուա­ծա­շուն­չի աշ­խար­հա­բար թարգ­մա­նու­թեան վե­րա­տե­սու­մի գոր­ծը բաժն­ուե­ցաւ խում­բե­րու` ծրա­գի­րը արա­գաց­նե­լու եւ օր առաջ զայն իրա­գոր­ծե­լու հա­մար:

Զե­կու­ցում տրուե­ցաւ սուր­ի­ա­հայ ապաս­տան­եալ­նե­րուն ի նպաստ կա­տա­րուող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին, որոնք կը կա­տար­ուին գոր­ծակ­ցա­բար հա­մա­գա­ղու­թա­յին յա­տուկ յանձ­նա­խում­բին հետ:

Սրբա­զան պա­պին պատ­մա­կան այ­ցե­լու­թեան ձգած անջն­ջե­լի հետ­քե­րը եւ «Առա­քե­լա­կան յոր­դոր»-ին ուղ­ղած պատ­գա­մին տա­րո­ղու­թիւնը նկատ­ուե­ցաւ մեկ­նա­կէտ մը` նոր սլացք տա­լու հա­մար Մի­ջին Արե­ւել­քի քրիս­տոն­եայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­ւատ­քի զօ­րաց­ման եւ վստա­հու­թեան ամ­րա­ցու­մին, իրենց գո­յա­տեւ­ման ի խնդիր իրենց դա­րա­ւոր հո­ղե­րուն վրայ:

Զե­կու­ցում տրուե­ցաւ Երի­տա­սար­դաց հա­մաշ­խար­հա­յին օր­ուան մա­սին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Պրա­զի­լի մէջ, 23-էն 28 յու­լիս 2013, ի ներ­կա­յու­թեան սրբա­զան քա­հա­նա­յա­պե­տին, եւ տրուե­ցան գործ­նա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ անոր մաս­նակ­ցե­լու պայ­ման­նե­րուն մա­սին:

Զմմառ, 27 սեպ­տեմ­բեր 2012

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿԷ
ԵՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈ­ՍԱՑ ՍԻՒՆ­ՀՈ­ԴՈ­ՍԻՆ

 

Leave a Reply

Advertisement