Ըստ Բարգաւաճ Հայաստանի Կուսակցութեան Քաղաքական Հետապնդումի Կ՛Ենթարկուի Ոչ Միայն Օսկանեանը, Այլեւ Կուսակցութիւնը
By adminx - Sat Sep 29, 7:48 am
- 0 Comments
- 171 views
- Tweet
Email
Print
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը երէկ յայտարարեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը Հայաստանի ընդհանուր դատախազին կողմէ Ազգային ժողովին ներկայացուած միջնորդագիրը` Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Օսկանեանը իբրեւ մեղադրեալ ներգրաւելու համաձայնութիւն տալու մասին, կը նկատէ քաղաքական հետապնդում, որ ուղղուած է ոչ միայն Վարդան Օսկանեանին, այլեւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան դէմ:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ միջնորդագիրին մէջ ներկայացուած մեղադրանքները անհիմն են եւ զուրկ որեւէ իրաւական հիմնաւորումէ: Անոնք նշեցին, որ երկուշաբթի օր այս հարցին քննարկման ընթացքին, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը բոլոր պատգամաւորներուն պիտի ներկայացնէ փաստաթուղթերու ծրար մը, որոնք կը հիմնաւորեն ընդհանուր դատախազութեան ներկայացուցած մեղադրանքներու սին ըլլալը: Կուսակցութիւնը իր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ համակուսակիցին եւ պատրաստ է կարելի բոլոր օրինական միջոցներով հասնելու արդարութեան վերականգնման: Կուսակցութիւնը խստիւ կը դատապարտէ քաղաքական հարցերուն մէջ այսպիսի միջոցներու կիրարկումը:
Իր կարգին, Վարդան Օսկանեան երէկ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի խորհրդակցութենէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այս ամէնը անհիմն է եւ իր տրամադրութիւնը շատ լաւ է:
Ան ընդգծեց, որ երկուշաբթի ամէն ինչ յստակ կը դառնայ եւ կուսակցութեան քաղաքական դիրքորոշումը կը յայտարարուի:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք գործը իր ձերբակալութեան կը հասնի՞, Վարդան Օսկանեան յայտնեց, որ հարցը պէտք է ուղղել դատախազին, բայց ինք հոգեբանօրէն պատրաստ է եւ վստահ է, որ իր կուսակցութեան պատգամաւորները իրենց կարծիքը պիտի յայտնեն:
Օսկանեան չպատասխանեց այն հարցումին, որ արդեօք նախագահի թեկնածո՞ւ է:
- 0 Comments
- 171 views
- Tweet
Email
Print




