Պքերքէի Յանձնախումբը Անշեղ Կը Մնայ Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կայացնելու Կեցուածքէն
By adminx - Sat Sep 29, 7:40 am
- 0 Comments
- 75 views
- Tweet
Email
Print
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիաքը երէկ երեկոյեան Պքերքէի մէջ նախագահեց ընտրական օրինագիծ մը մշակելու նպատակով մարոնի համայնքի քաղաքական ուժերուն ընդարձակ հանդիպումին յառաջացուցած Պքերքէի յանձնախումբի նիստին:
Նիստին ներկայ գտնուեցան երեսփոխան Պութրոս Հարպ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան,
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ նախկին նախարարներ Զիատ Պարուտ եւ Եուսեֆ Սաատէ:
Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսը, պատրիարքարանի վարչակազմի ընդհանուր քարտուղար հայր Անթուան Խալիֆէ եւ Պքերքէի տեղեկատուական ու փրոթոգոլի գրասենեակի տնօրէն, իրաւաբան Ուալիտ Ղայեատ:
Գիշերուան ժամը շուրջ 11:00-ին աւարտած նիստէն ետք յայտնուեցաւ, որ Պքերքէի յանձնախումբը անշեղ կը մնայ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին այն կոչէն, որ կը մերժէ 1960-ի ընտրական օրէնքը, ինչպէս նաեւ անշեղ կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կայացնելու կեցուածքէն:
Պքերքէի յանձնախումբը ընդգծեց, որ պէտք է յանձնառու մնալ այն ժամկէտին, որուն ընթացքին պէտք է քննարկել ընտրական բոլոր օրինագիծերը:
Մարոնի Եպիսկոպոսները Մերժեցին
1960-ի Ընտրական Օրէնքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին եպիսկոպոսները մերժեցին 1960-ի ընտրական օրէնքին եւ անոր ենթարկուած փոփոխութիւններուն հիման վրայ կատարել 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Մարոնի եպիսկոպոսները նկատել տուին, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն չ՛ապահովեր:
«Անհրաժեշտ է մշակել ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ լիբանանեան բոլոր համայնքներուն եւ քաղաքական ուժերուն», նշեցին մարոնի եպիսկոպոսները:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդաց մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր քարտուղար Ռաֆիք Ուարշա, որ յայտնեց, թէ 1960-ի ընտրական օրէնքը կը խախտէ նաեւ երկրին ազգային համերաշխութիւնը:
Ան աւելցուց, որ ընտրական նոր օրէնքը պէտք է ճշգրիտ եւ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովէ` լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող բոլոր շերտերուն համար, գործադրելով Լիբանանի քաղաքական ուխտին պայմանները:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ընտրական նոր օրէնքը պէտք է բովանդակէ կառուցուածքի եւ օրինական բարեկարգումներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն ընտրող քաղաքացիին ազատութիւնը եւ կ՛արգիլեն անոր վրայ ճնշումներու բանեցումը, ինչպէս նաեւ կ՛արտօնեն, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի ունենան իրենց ճշդուած թուականին եւ սահմանադրութեան համապատասխանեն:
Մարոնի եպիսկոպոսները դրուատեցին Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու վեհաժողովը:
Անոնք կոչ ուղղեցին նաեւ երկրին տնտեսական կացութեան հոգ տանելու եւ ամէն իմաստով պայքարելու փտածութեան դէմ` յարգելով պաշտօնեաներուն եւ աշխատաւորներուն իրաւունքները:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն ի գործ դրած ջանքերը` իրենց հակակշիռին տակ առնելու համար ապահովական կացութիւնը, Պենետիկտոս ԺԶ. պապին կատարած այցելութեան ընթացքին:
- 0 Comments
- 75 views
- Tweet
Email
Print




