Պըրրի. «Լիբանանի Ապագան Կը Գտնուի Անոր Բանակին Հզօրացման Մէջ»
By adminx - Sat Sep 29, 7:38 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները, որոնց ներկայութեան մտավախութիւն յայտնեց Սուրիոյ տագնապին շարունակութենէն եւ Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններէն:
Պըրրի զգուշացուց շրջանին մէջ նոր «Սայքս-Փիքօ»-ի համաձայնագիրի մը հաւանականութենէն:
Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ պաղեստինեան հարցը կը մնայ կեդրոնական` նշելով, որ այդ հարցին լուծումը շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման հիմնական մուտքն է, պայմանաւ սակայն, որ պաղեստինեան պետութիւն մը հիմնելու մէջ անհրաժեշտ է պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքը ապահովել:
Լիբանանեան առումով Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց եւրոպական երկիրներուն` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն անոնց մասնակցութեան եւ զօրակցութեան առումով:
Ան աւելցուց, որ հարաւային Լիբանանը ամէնէն աւելի խաղաղ եւ հանդարտ շրջաններէն մէկն է:
Խորհրդարանի նախագահը դրուատեց դերակատարութիւնը լիբանանեան բանակին, որ կը հսկէ լիբանանցիներուն անվտանգութեան:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին օգտակար դառնալով Լիբանանին օգտակար դարձած կ՛ըլլան` շեշտելով միաժամանակ, որ Լիբանանի ապագան կը գտնուի բանակին հզօրացման մէջ:
Անդրադառնալով երկրին տնտեսական իրավիճակին` Պըրրի շեշտեց, որ ինք ապահով կը զգայ Լիբանանի տնտեսական կացութեան եւ անոր արձանագրած աճին առումով: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կան զանազան մարզեր, ուր անհրաժեշտ է ներդրումներ կատարել:
Խորհրդարանի նախագահը դրուատեց նաեւ քարիւղի մարզին պարագային ներկայացուելիք առիթները:
Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր մեծ մօր մահուան առիթով:
Պըրրիի այցելեց իրաւաբաններու սենտիքայի նախկին նախագահ Իսամ Քարամ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք կը մերժէ 1960-ի ընտրական օրէնքը, ինչպէս նաեւ ընտրական այն օրէնքը, որ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու կը բաժնէ:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print




