Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Sat Sep 29, 7:34 am
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարութիւնը պաշտօնապէս «Եութիուպ», «Հոլիվուտ ռիփորթըր» եւ այլ կայքէջերէ պահանջեց վերջ տալ իսլամական կրօնը եւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող «Իսլամներուն անկեղծութիւնը» ժապաւէնին սփռումին:
ՄԵԾ թիւով սուրիացի գաղթականներ երէկ Սուրիայէն ուղղուեցան Արղուպ, ուր անոնք ապաստան փնտռեցին շրջանի գիւղաքաղաքներուն մէջ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահական ընտրապայքարը չէ աւարտած, որպէսզի սկսի. այդ պայքարը մնայուն է: Ժեմայէլ ընդգծեց, որ ընտրական դաշինքները արդէն իսկ յստակ են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ եթէ Մարտ 14-ի ուժերուն ներկայացուցած ընտրական օրէնքը ձախողի, ապա իրենք համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին դէմ պիտի չըլլան, պայմանաւ որ անիկա բարեփոխուի:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախարարները նախանցեալ օրուան իրենց հանդիպումին ընթացքին մերժեցին փոքր ընտրաշրջաններու վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած միջադէպերն ու բռնարարքները կրօնի հետ ոչ մէկ կապ կամ առնչութիւն ունին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` մշակելու համար հաւասարակշռուած ընտրական օրէնք մը, որ նկատի կ՛ունենայ խորհրդարանին մէջ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութեան ապահովումը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յանձնառութիւն յայտնեց ընտրական այնպիսի օրինագիծի մը, որուն համաձայն կը գտնուին բոլոր քրիստոնեաները:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր շեշտեց, որ Սուրիա, անոր բանակն ու ղեկավարութիւնը մեծագոյն զոհողութիւնները կատարեցին` պաշտպանելու համար Լիբանանը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը անարդար է` աւելցնելով, որ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները ապօրինի կը նկատուին, եթէ արտերկրի լիբանանցիները իրենց մասնակցութիւնը չկարենան բերել այդ ընտրութիւններուն: Ան նշեց, որ փոքր ընտրաշրջաններու վրայ հիմնուած օրինագիծը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ ընտրական օրինագիծին մասին ընթացող ներկայ բանակցութիւնները չեն համընկնիր այն օրինագիծին, որուն մենք կը փափաքէինք յանգիլ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ ըստ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի, երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք չէ կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին համաձայն, որովհետեւ այդ ընտրութիւններուն արդիւնքը պիտի ըլլայ ներկայ խորհրդարանին մէկ տարբերակը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յստակ հետքեր ձգած է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին հարցով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սիմոն Ապի Ռամիա նշեց, որ իրենք յանձնառու են Պքերքէի մէջ գոյացած հաշտութեան` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են սրտբաց մասնակցելու ընտրական նոր օրինագիծ մը մշակելու բոլոր քննարկումներուն:
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print



