Tuesday May 21, 2013

«Իսլամներու Անմեղութիւնը» Ժապաւէնը Արտադրողը Ձերբակալուեցաւ

By adminx - Sat Sep 29, 7:33 am

Լոս Անճելըսի ընդհանուր դատախազի գրասենեակը յայտարարեց, որ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող «Իսլամներու անմեղութիւնը» ժապաւէնը արտադրած անձը` Նիքոլա Պասիլի Նիքոլա, ձերբակալուած է:

Գրասենեակի բանբեր Թոմ Մրոզուիք յայտնեց, որ 55-ամեայ Նիքոլա, որ 2009-ին նիւթական զեղծարարութեան յանցանքով դատապարտուած էր, ձերբակալուած է եւ Լոս Անճելըսի կեդրոնին մէջ դատավարութեան պիտի ենթարկուի: Ան երկու տարի բանտարկութիւն կը դիմագրաւէ եւ պիտի շարունակէ արգելափակուած մնալ, մինչեւ դատարանին կողմէ վերջնական վճիռի կայացումը:

Դատարանը որոշած է ծագումով եգիպտացի Նիքոլան մեկուսարանի մէջ պահել, որպէսզի բանտի իսլամ բանտարկեալները անոր վնաս չհասցնեն:

Leave a Reply

Advertisement