Օպամա. «Պենկազիի Յարձակումը «Զայրացած Ամբոխ»-է Աւելի Էր»
By adminx - Sat Sep 29, 7:30 am
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Տը Վիու» յայտագիրէն ելոյթ ունենալով յայտարարեց, որ Լիպիոյ Պենկազի քաղաքին մէջ ամերիկացի չորս քաղաքացիներու, ներառեալ` ամերիկացի դեսպանին կեանքը խլած յարձակումը «զայրացած ամբոխ»-է աւելին էր: Ան կոչ ուղղեց «անտեսելու» իսլամութիւնը վարկաբեկող ամերիկեան ժապաւէնը, որ հակաամերիկեան բռնարարքներու ալիքի մը պատճառ դարձաւ:
Օպամա խօսելով Պենկազիի մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանին դէմ յարձակումին մասին ըսաւ. «Օգտագործուած զէնքերու տեսակին եւ աջակցութիւն վայելող յարձակումին շուրջ որեւէ կասկած չկայ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ատիկա զայրացած ամբոխի մը արարքը չէր»` աւելցնելով, որ «Իսլամներուն անմեղութիւնը» ժապաւէնին հրահրած բռնարարքները անընդունելի են:
Ան յայտնեց, որ «այդպիսի խօսքեր լուսանցքայնացնելու լաւագոյն ձեւը զանոնք անտեսելն է»:
Օպամա նշեց, որ իսլամներու «ջախջախիչ մեծամասնութիւն մը» իր երկրին վտանգ չի ներկայացներ` աւելցնելով, որ «անոնք ամերիկացիներուն ուզածը կ՛ուզեն. իրենց զաւակներուն ուսում տալ եւ աշխատատեղիներ ունենալ կ՛ուզեն, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն կ՛ուզեն, սակայն արաբ-իսլամական աշխարհին մէջ նաեւ ծայրայեղութեան հակումներ գոյութիւն ունին»:
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print




