Կիպրոս Կը Սպառնայ Եւրոյի Գօտիէն Դուրս Գալ
By adminx - Sat Sep 29, 7:29 am
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print
«Եուրոմակ» կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի կառավարութիւնը Պրիւքսէլի կը սպառնայ, որ Եւրոյի գօտիէն դուրս պիտի գայ, եթէ Եւրոպական յանձնաժողովը ելեւմտական օգնութիւն տրամադրելու դիմաց Նիկոսիոյ «չափէն աւելի խիստ» պայմաններ ներկայացնէ:
Կիպրոսի իշխանութիւնները հաստատած են պիւտճէի 2013-ի համար իրենց իսկ կարծիքով արդէն խիստ տարբերակը, որուն պատճառով հազարէն աւելի պետական պաշտօնեաներ պիտի արձակուին իրենց աշխատանքէն: Իշխանութիւնները յայտարարած են, որ հետագային անկէ աւելի քայլերու չեն պատրաստուիր:
Կիպրոսի իշխող կուսակցութեան` ԱՔԵԼ-ի ղեկավար Անտրոս Քիփրիանու յայտարարած է, որ իր երկիրը պէտք է լուրջ կերպով քննարկէ Եւրոյի գօտիին հետագայ անդամակցութեան հարցը, եթէ վարկատու «եռեակը»` Եւրոպական Միութիւնը, Եւրոպական կեդրոնական դրամատունն ու Միջազգային դրամական ֆոնտը տրամադրուող վարկերուն դիմաց չափէն աւելի խիստ պայմաններ ներկայացնեն:
«Եթէ «եռեակը» շարունակէ պնդել, ապա ինչո՞ւ Կիպրոսը պէտք է Եւրոյի գօտիի մէջ մնալ շարունակէ», ըսած է Քիփրիանու:
Նշենք, որ Կիպրոս շարք մը տնտեսական խնդիրներու պատճառով ստիպուած եղած է այս տարուան յունիսին օգնութիւն ստանալու համար դիմում ներկայացնելու:
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print




