Wednesday Jun 19, 2013

Վերամուտ Է Կրկին` Խարխափում, Ցնցումներ, Եւ Անոնցմէ Անդին . Հին Կամ Նոր Խոստումներ Եւ Ակնկալութիւններ

By adminx - Sat Sep 29, 5:42 am

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Եթէ միայն յիշելու կարողութենէն զրկուած չըլլայինք:

Կեանքի մը տեւողութեամբ, խոստումներ լսեցինք եւ հանգրուանները շփոթեցինք ազգային հեռանկարի հետ:

Շատեր մոռցած են այդպէս գումարուող տարիները եւ փոխուող պատմութիւնը: 1974-ին, Ֆրանսայի նախագահ Ժորժ Փոմփիտուի մահէն ետք, նախարար Վալերի Ժիսքար տ՛Էսթեն յաջորդութեան թեկնածու կը դառնար: Այն օրերուն, եղած դիմումներու ընդառաջելով, կը գրէր, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը «տարրական արդարութեան խնդիր մըն էր»:

Ինչպէ՞ս կարելի էր չյուզուիլ եւ չուրախանալ, չյուսալ: Բայց օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց երկրի երիտասարդ նախագահը մոռցաւ իր յայտարարութիւնը:

Ֆրանսացիները կ՛ըսեն, որ խոստումները յանձնառու կը դարձնեն անոնց հաւատացողները միայն:

Ամերիկայի նախագահական թեկնածուները, Ճիմի Քարթըրէն մինչեւ Պարաք Օպամա, հայ ամերիկացիներուն (ոչ հայ ժողովուրդին) խոստումներ տուին` «ցեղասպանութիւն» շրթներ այրող բառը գործածելու, եւ մէկ ապրիլ 24-է միւսը, անոնք սպասեցին, որ «ցաւալի դէպքեր»-է, «ողբերգութիւն»-է, կամ «ջարդ»-է տարբեր բառ լսեն, բառ, որ չեկաւ` հակառակ խորհրդարանի մէջ բարձրացող աղմուկին:

Ֆրանսան, Ռուսիան, Ուրուկուէյը, եւ ուրիշներ «շրթներու ծառայութիւն» մատուցեցին, Ժընեւի մէջ հռչակաւոր դարձած «30-րդ պարբերութիւն»-ը աղմուկ ստեղծեց, ցոյցեր եւ «քայլարշաւ»-ներ տեղի ունեցան: Հայոց ցեղասպանութեան որպէս այդպիսին ճանաչումէն ետք, անոր ժխտման «քրէականացում»-ի ընդունում-մերժումը յուզում-ընդվզումի ալիք ստեղծեց:

Կրնանք երկարել շարքը` մինչեւ Պելճիքա եւ այլուր:

Հիմնական հարցին մասին ոչ ոք կը խօսի, թէեւ, իմաստուն համարուող կարծեցեալ քաղաքական ծեքծեքումներով, մենք ալ դադրած ենք խօսելէ:

Հայոց Հայրենահանման Եւ Հայոց Հայրենիքի
Բռնագրաւման
Խնդիրը Ոչ Մէկ Ատեն
Եւ
Ոչ Մէկ Տեղ Օրակարգ Է:

Առանց այս խնդրի լուծման ուղղութեամբ առնուած քայլերու` մնացեալը խիղճերը հանգստացնելու կոչուած հոգեհանգստեան պաշտօն է, ոչ միայն մեռնողներուն համար, այլ նաեւ` ողջերուն: Եւ ոչ ոք կը բողոքէ:

Բարոյական-մխիթարական արտայայտութիւններո՞վ պիտի բաւարարուին «վստահելի եւ մերուած» աշխարհի տարբեր երկիրներու քաղքենի եւ հոգեպէս քաղքենիացած հայերը, որոնք կը կրեն նաեւ ընդունելիութեան «ծագումով հայ»-ու նոր զսպաշապիկը:

Իսկ հայկական պահանջները ինչպէ՞ս կարելի է լրջութեամբ դիմաւորել, երբ Հայաստանի բեկոր Հայաստանի Հանրապետութիւնը յարաճուն դատարկումի ընթացքի մէջ է, արտագաղթողներ, որոնց հրաժարումը ապազգային ընթացք է եւ կը հարուածէ այն հաւաքականութիւնները, որոնք դեռ կը հաւատային կամ կը հաւատան ազգային ինքնութեան եւ ազգային իրաւունքներու վերատիրացման:

Այս ողողող աղմկարարութեան եւ ոչ մէկ տանող երեւելիական իրարանցումներուն մէջ ո՞ւր գտնել իրաւ ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ անոր շարունակութիւնը ըլլալու կոչուած ազգային քաղաքականութիւնը, որ սոսկ տնտեսութիւն եւ հանգստաւէտ պայմաններու փնտռտուք չըլլայ: Չըլլայ տեղացիական կամ տեղայնական հրավառութիւն կամ մրցակցութիւններու շուկայ:

Միացեալ Նահանգներ մեծ եւ հզօր երկիրը նախագահ պիտի ընտրէ եւ արդէն ակնկալութիւններ կան, որ թեկնածուները հայ ամերիկացիներու մասին աղուոր խօսքեր ըսեն եւ դուռ բանան (կրկին) Ցեղասպանութեան ճանաչման յոյսերու:

Միթէ հայ ազգային քաղաքականութիւնը աւելի խորք պիտի չունենա՞յ, եւ հայկական իրականութեան մօտ պիտի չըլլա՞ն Սեւրի դաշնագիրը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի վճիռը, եթէ դրօշակի պէս պարզենք, երբ տեսակցութիւններու կ՛երթանք, կամ` երբ տեսակցութեան կու գան: Մնացեալը, բախտաւոր պարագային, միայն ակնթարթ տեւող հրավառութիւններու կ՛առաջնորդէ, որոնց համար կը մսխենք մեր չունեցած քիչ միջոցները եւ ժամանակը:

Կարծէք` հաւաքաբար ցաւ մեղմող կամ յոյս տուող դարման կը փնտռենք, բայց կը բաւարարուինք ազդեցութիւն չունեցող դատարկ placebo խաբէութեան դեղահատով: Այս դեղահատը մասնագիտութեան վերածած ջոջեր ալ կան:

Վերամուտը խարխափումներէ տարբեր հեռանկարով պիտի ընթանա՞յ:

Ցեղասպանութեան ճանաչման սկսած եւ չաւարտող յանկերգով ո՞ւր հասանք եւ ո՞ւր կը կարծենք, որ պիտի հասնինք:

Անոնք, որոնք այդ քայլը առին, քայլ մը անդին ուզեցի՞ն երթալ, կամ պիտի ուզե՞ն երթալ: Ո՞ր ծրագրով եւ ինչպէ՞ս:

Ցնցումներ Եւ Հետեւանքներ

1915-էն ետք զանգուածային գաղթականութեամբ կազմուած սփիւռքը ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՄԱՆ հետեւանք էր: Այս հիմնարար դժբախտ տուեալը երբեք մտահան պէտք չէ ընել:  Սփիւռք բառի հասկացողութիւնը հայրենահանուածները նկատի ունէր: Այդ հաւաքականութիւնները իրաւազրկուածի գիտակցութեամբ տոկացած եւ տեւած էին եւ տեւաբար կառչած մնացած էին բռնագրաւուած հայրենիքի վերատիրացման գաղափարին, բանիւ եւ գործով: Վերադարձի գաղափարախօսութիւնը ազգի շնչառութիւնն էր:

Արտագաղթածներով կազմուած արտասահմանի նոր հաւաքականութիւնները «դասական» կոչուած սփիւռքէն տարբեր են իրենց գոյացման պատճառներով, միտումներով, եւ հեռանկարներով: Չենք կրնար նոյնիսկ ըսել, որ կը պատուաստուին պատշաճելու եւ թարմացնելու համար: Ասոնք կամովին հայրենիքը լքողներն են, եւ հոգեբարոյական տարբերութիւնները հարկ է ըմբռնել եւ բացատրել, նոյնիսկ եթէ «հայ չկորսնցնելու» առաջադրանքով կը խօսինք եւ կը գործենք, վերաբերում կ՛ունենանք:

«Դասական» կոչուած սփիւռքը, մէկ դարէ ի վեր տեւող անբնական պայմաններու մէջ ըլլալով հանդերձ, ինքնութիւն կերտած էր իր կազմակերպութիւններով, կառոյցներով եւ մշակոյթով` հակառակ ուղղակի-անուղղակի բացասական պայմաններու, եւ ապակայունացնող կացութիւններու եւ ազդակներու:

Քսաներորդ դարու կէսէն ետք, ապագաղութարարութեան հունին մէջ, ծնունդ առին ազգային եւ ազգայնական շարժումներ, անկախացան երկիրներ, որոնք, Պաղ պատերազմի մրցակցութեան բերումով, ունեցան խորհրդային նեցուկը: Խորհրդային-համայնավարական վարչակարգին ներշնչած անապահովութեան զգացումը հայկական կազմակերպուած գաղութներուն առաւել կամ նուազ զանգուածային տարտղնումին պատճառ հանդիսացաւ, տարտղնում, որ չէ կասած, քանի որ Միջին Արեւելքը եռեւեփումի մէջ է:

Այսօր, եթէ ազգը չի միանար, ընտանիք-ազգականներ կը փորձեն միանալ այս կամ այն երկինքին տակ:

Բ. Աշխարհամարտէն ետք տեղի ունեցած հայրենադարձութիւնը ազգային-քաղաքական դրական արդիւնքի չյանգեցաւ, եւ զանգուածները իրենց աչքերը յառեցին դէպի աւելի ապահով համարուած երկիրներ` Եւրոպա, Ամերիկաներ, Ովկիանիա: Այդ շրջաններուն մէջ գոյութիւն չունէին ազգապահպանման-մշակութային կառոյցներ (անոնք ստեղծուեցան աւելի ուշ): Հայրենադարձները ստուար մեծամասնութեամբ դուրս եկան երկրէն, երեւոյթ, որուն համար մեծ հրապարակագիր Շաւարշ Միսաքեան ըսաւ իր հռչակաւոր խօսքը. «Հայրենիքը պանդոկ չէ»:

Ոչ ոք կրնար երեւակայել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը դուռ պիտի բանար զանգուածային արտագաղթի, որուն հետեւանքներուն մասին հայ քաղաքական միտքը արտայայտուելու յանդգնութիւն չունի, կացութեան ազգային-քաղաքական հետեւանքները վերլուծման առարկայ չեղան, եւ ըստ այնմ դիրք չճշդուեցաւ: Եթէ Շաւարշ Միսաքեան այսօր ապրէր, թերեւս պիտի ըսէր. «Հայրենիքը հինցած քուրջ չէ, որ վրայէդ հանես եւ նետես»:

Արտագաղթը, իր կարգին, Միջին Արեւելքի եւ ընդհանրապէս դասական սփիւռքի նիւթական-ֆիզիքական ապակայունացման վրայ կը գումարէ, նոյնքան եւ աւելի բացասականօրէն, հոգեբարոյական-գաղափարական լքումի զգացում: Արտագաղթողը զինք առաջնորդող ազգային-քաղաքական հեռանկար չունի: Երբ հայրենաբնակը կը լքէ հայրենիքը, ինչպէ՞ս կարելի է դուրսը եղողներուն խօսիլ հայրենադարձութեան մասին` առանց քմծիծաղի առիթ տալու:

Արտագաղթի եւ արտագաղթողի հանդէպ չունեցանք, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռքներ, ազգային-գաղափարախօսական կեցուածք, առաջինի պարագային առաջ քշուեցան նպարավաճառի հաշիւներ (գացողները կը պահեն մնացողները), երկրորդը խրեցաւ եւ կը շարունակէ խրիլ զգացական-հայրենակցական մանրուքներու մէջ: Երբ այս մասին կը խօսուի, հաւկուրութենէ տառապողներ կ՛ըսեն, թէ` «սեպ կը խրենք ազգի հատուածներուն միջեւ»: Սեպի մասին խօսողներ ինչո՞ւ չեն մտածեր, որ կացինի հարուածներ կը տրուին ազգի միութեան եւ տոկալու կամքին:

Միամիտ չըլլանք: Արտագաղթը ցնցումի կ՛ենթարկէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` մարդուժի կորուստով: Դեռ չենք ուսումնասիրած արտագաղթողներուն  տարիքը, ուսումնական մակարդակը, այսինքն` կարողութիւնները, անոնց ընկերատնտեսական կացութիւնը` գիտնալու համար, թէ ի՛նչ կը բանին ազգային ինքնութիւն պահելու տեսակէտէն:

Ապակայունացած, ցնցումներու ենթակայ եւ շրջապատի հարթող ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքակրթական հզօր ազդեցութիւնները կրող «սփիւռքներ»-ը հրաժարած են, կարծէք, ինքնավարումէ, այն տրամաբանութեամբ, որ այլեւս Հայաստանը կայ: Եւ որպէս ինքնահաստատման ձեւ` դեռ կը շարունակուի իր նուազագոյնին վերածուած Հայ դատի հետապնդումը, չանհանգստացնող «Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ-ճանչցնել»-ու իրարանցումը, որուն մէջ ՀՈՂԱՀԱՒԱՔը եւ ԱԶԳԱՀԱՒԱՔը տեղ չունին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը հողահաւաքի առաջադրանք չունի, ինչպէս ըսուած է, «հարկ է փրկել հողակտորը», իսկ ո՞ր ազգահաւաքի մասին կարելի է խօսիլ, երբ տեղի ունեցաւ եւ կը շարունակուի զանգուածային արտագաղթը:

Այս ցնցումներու եւ խարխափումներու շաբաթավերջի իրարանցումներուն մէջ կը դիմաւորենք վերամուտը:

Եւ որսի պատրոյգով հրացանով արդիական պատերազմ կը մղենք եւ աղմուկով կը գինովնանք:

Ի՞Նչ Եզրակացնել

Վերամուտի այս օրերուն, ֆանֆարային խորհրդաժողովներէն առաջ կամ վերջ, լաւ պիտի ըլլար խորհրդաժողով մըն ալ գումարել «ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2050-ին» օրակարգով:

Այդքան ալ հեռու չէ այդ տարին, որուն պիտի հասնին նորերը, որոնց պարկուճին մէջ շատ բան դրած պիտի չըլլանք®

 

31 օգոստոս 2012, Նուազի-լը-Կրան

 

Leave a Reply

Advertisement