«Մեր Հայկական Անմիջական Առաջին Աղբիւրը «Ազդակ»-ն Է» Ըսաւ Վատիկանի Ձայնասփիւռի Կայանի Հայերէնի Բաժանմունքի Տնօրէն Ռոպեր Աթթարեան
By adminx - Sat Sep 29, 5:40 am
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print
Վերջերս Լիբանան այցելեց Վատիկանի ձայնասփիւռի հայերէնի բաժանմունքի լուրերու հաղորդումի տնօրէն Ռոպեր Աթթարեան: Աթթարեան որպէս լրագրող` Լիբանան եկած էր իր մասնակցութիւնը բերելու Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան տուած պատմական այցելութեան: Արդարեւ, սոյն այցելութեան նպատակին եւ յատկապէս Վատիկանի ձայնասփիւռի գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար «Ազդակ» Ռոպեր Աթթարեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ:
«ԱԶԴԱԿ».- Վատիկանի ձայնասփիւռը ե՞րբ հաստատուած է եւ ինչպէ՞ս կը գործէ:
ՌՈՊԵՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ.- Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանը հիմնուած է 1931-ին, Պիոս ԺԲ. քահանայապետին օրով` իբրեւ Վատիկանի պետութեան ձայնասփիւռի պաշտօնական կայան: Սկզբնական շրջանին առաջին լեզուն եղած է լատիներէնը, ապա սկսած է սփռել` իտալերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով եւ 1996-էն սկսեալ սկսած է սփռել հայերէնով: Նախապէս շաբաթական 10 վայրկեան տեւողութեամբ հայերէն յայտագիր ունէր, ապա այդ մէկը վերածուած է ամէնօրեայ եւ ներկայիս օրական 19 վայրկեան հայերէն հաղորդում ունինք Վատիկանի ժամով ժամը 17:50-ին: Այս հաղորդումը կրնան լսել ամբողջ աշխարհի տարածքին, որովհետեւ ձայնասփիւռի կայանը ունի 5 արբանեակներ, որոնց միջոցով հաղորդումը ամէն տեղ կը հասնի:
«Ա.».- Խօսինք անձնակազմին մասին: Քանի՞ հոգիէ կը բաղկանայ հայերէն բաժանմունքին անձնակազմը:
Ռ. Ա.- Ներկայիս մնայուն անձնակազմը կը բաղկանայ 4 հոգիէ: Սոնա Նիւրբեթլեան, Ռիթա Մելեքեան նախկին բաժանմունքի պատասխանատու Միշել Ժանժէ եւ ես, որ 3 տարիէ ստանձնած եմ բաժանմունքին պատասխանատուի պաշտօնը: Ունինք նաեւ համագործակիցներ` քահանաներ կամ աշխարհականներ, որոնք երբեմն հարկ եղած պարագային օգտակար կը դառնան մեզի:
«Ա.».- Կրնա՞ք մեզի տեղեկութիւններ տալ յայտագիրներու բովանդակութեան մասին: 19 վայրկեան տեւողութեամբ ի՞նչ նիւթերու վրայ կը հիմնուիք եւ ի՞նչ նիւթերու մասին կը սփռէք:
Ռ. Ա.- Որպէս Վատիկանի պետութեան ձայնասփիւռի պաշտօնական կայան` մենք ստիպուած ենք հաղորդելու Վատիկանի լուրերը, եւ պետութեան ղեկավարը քահանայապետը ըլլալով` մենք մեր հաղորդումին առաջին բաժինը կը նուիրենք անոր: Անկէ զատ, մենք առիթը ունինք ազատ սփռումի եւ մեր յայտագիրը կազմելու: Հետեւաբար յաջորդ բաժինով մենք կը խօսինք հայկական եկեղեցւոյ մասին, սփիւռքահայութեան մասին, նաեւ` մշակութային ձեռնարկներու մասին: Ինչպէս ըսիք, ձեր հարցումին մէջ 19 վայրկեանի մէջ ի՞նչ նիւթեր կրնանք սփռել: Մեր հիմնական դժուարութիւնը այդ է. մեր ժամանակը շատ կարճ է. մենք կը սփռենք համայն աշխարհի համար, տեղական ունկնդիրներ չունինք եւ մեր դժուարութիւնը կը կայանայ նիւթերու ընտրութեան մէջ. ընտրել նիւթեր, որոնք կարեւոր են կամ կարեւոր կրնանք նկատել մեր բոլոր ունկնդիրներուն համար: Կը յուսանք, որ մենք մեր առաքելութիւնը կրնանք կատարել այս ուղղութեամբ: Մենք մեր հաղորդումին 10 վայրկեանը կը յատկացնենք, ինչպէս ըսի, վատիկանեան հոգեւորական լուրերու, իսկ յաջորդ բաժինով կը սփռենք առաջնահերթ լուրեր, օրինակ` այսօրուան դրութեամբ սուրիահայութեան կացութիւնը կարեւոր երեւոյթ է:
Հոս կ՛ուզեմ ըսել, որ մենք ունինք «թելեփաչէ Արմէնի» անունով հաղորդաշար մը, որ կը սփռենք հայերէնով, շաբաթը 4 անգամ, հեռատեսիլի կայանէն: Յայտագիրը կը բովանդակէ զանազան նիւթեր` եկեղեցական, լրատուական: Այստեղ եւս կը գործէ ձայնասփիւռի կայանին նոյն անձնակազմը:
Կ՛ուզեմ նշել նաեւ, որ կայանը պետութեան սեփականութիւնը ըլլալով` անոր անմիջական ծախսերը կը հոգայ պետութիւնը, եւ Վատիկանը իր լայնամտութեամբ թոյլ կու տայ բոլոր երկիրներուն` սփռելու իրենց լուրերը իր կայանին միջոցով:
«Ա.».- Ի՞նչ աղբիւրներ կ՛օգտագործէք ձեր հաղորդումներուն համար:
Ռ. Ա.- Անմիջական աղբիւրներն են հայկական թերթերը, որոնց մէջ «Ազդակ»-ը առաջնակարգ աղբիւրներէն մին է, եւ կը շնորհաւորենք ձեր գործունէութիւնը. իսկապէս մեզի օգտակար է, եւ կարծեմ, թէ շատերուն օգտակար է. այսօր սփիւռքահայութեան լրատուական ասպարէզէն ներս կը կարծեմ, թէ ամէնէն յաջող թերթերէն մին է:
Մենք նաեւ կապեր ունինք մայր հայրենիքի` Հայաստանի հետ, եւ դժուարութիւնը այսօր արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի հարցն է, որ հրատապ հարց մըն է, որովհետեւ երբ աղբիւրներ կը քաղենք Հայաստանէն, քիչ մը դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուինք, սակայն քիչ են այն լուրերը, որոնք մեզի օգտակար կը դառնան, որովհետեւ հաղորդումին մեծ մասը հոգեւոր լուրեր են:
«Ա.».- Կրնա՞ք մեզի բացատրութիւն տալ ձեր կայքէջին կապակցութեամբ:
Ռ. Ա.- Կայքէջին վրայ կը դրուին բոլոր սփռումները եւ ունկնդիրները որեւէ ատեն կրնան այցելել ձայնասփիւռին կայանին կայքէջը եւ ժամէն դուրս ունկնդրել հին յայտագիրները:
Մենք մեր կայքէջը բաժնած ենք 4 մասերու.
1.- Սրբազան քահանայապետին եւ Վատիկանի պետութեան լուրեր
2.- Հայկական եկեղեցիներ
3.- Միջազգային լուրեր
4.- Ազգային լուրեր
Ունինք նաեւ օրական հաղորդումներ, որոնց նիւթերը կը փոխուին. ինչպէս` հայոց պատմութիւն, հայ մատենագրութիւն, Նոր Աւետարան, հայ գիրք եւ այլն. կիրակի օրերը կը սփռենք քարոզ եւ Աւետարանի խօսք:
«Ա.».- Խօսինք պապին Լիբանան այցելութեան մասին: Նպատակը եւ առաքելութի՞ւնը:
Ռ. Ա.- Սրբազան քահանայապետին այցելութիւնը կարեւոր այցելութիւն մըն է ամբողջ Լիբանանին համար, յատկապէս` հայերուն համար, որովհետեւ քահանայապետը Զմմառի մէջ օրհնեց Յակոբ Մեղապարտին արձանը եւ այս հարստութիւնը կը պատկանի ամբողջ հայութեան: Այս մէկը պատմական իրողութիւն մըն է լիբանանեան մակարդակի վրայ, որ սրբազան քահանայապետ մը ոտք կը դնէ հայ վանքի մը մէջ, անշուշտ` Լիբանանի մէջ, եւ հիւրը կ՛ըլլայ հայ վանականներուն: Այս լուրը անշուշտ սփռուեցաւ համայն աշխարհին մէջ, որովհետեւ մենք իբրեւ միջազգային ձայնասփիւռի կայան` կը սփռենք 44 լեզուներով, ներառեալ` հայերէնով: Հետեւաբար այս պատմական այցելութիւնը թարգմանուեցաւ 44 լեզուներու եւ սփռուեցաւ: Մենք կը գործակցինք «Սետոք» կեդրոնական գրասենեակի հետ, որ կը հաւաքէ բոլոր տեղեկութիւնները եւ կը բաժնէ 44 խմբագրութիւններու: Քահանայապետին այցելութեան նպատակը անշուշտ նաեւ առաքելական յորդորագրի յանձնումն էր Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն, որոնց մէջ` հայ կաթողիկէ համայնքին:
Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
(*) Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանի հայերէնի բաժանմունքին կրնաք հետեւիլ այցելելով հետեւեալ կայքէջը. http://www.radiovaticana.org/armeno/proarmeno.htm
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print



