Thursday May 23, 2013

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի Ներկայութեամբ` Այնճարի Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանի 2012-2013 Տարեշրջանի Վերամուտը

By adminx - Sat Sep 29, 5:36 am

Չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 8:30-ին հնչեց 2012-2013 տարեշրջանի վերամուտի առաջին զանգը:

Առաւօտեան աղօթքէն ետք վարժարանին աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմին ու տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ, ուղղուեցաւ դէպի Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշարձան-համալիրի շրջափակը` զետեղելու համար ծաղկեպսակ եւ մատուցելու իրենց յարգանքը մեր ժողովուրդի խիզախ նահատակներուն: Քանի մը վայրկեան լռութեամբ աշակերտները ուխտեցին շարունակել իրենց պապենական հերոսներուն բացած ուղին ու անոնց նման ըլլալ միշտ յաղթական ու տոկուն` կեանքի բոլոր վերիվայրումներուն դէմ յանդիման:

Ապա անոնք ուղղուեցան Ս. Պօղոս եկեղեցի` հաղորդուելու: Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դարպասին առջեւ, ներկայութեամբ քահանայ հայրերուն, գիւղի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տիկնանց միութեան, վարժարանի խնամակալութեան, ծնողական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութեան, աշակերտական շարքերը հանդիսաւոր ընդունելութեամբ դիմաւորեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը:

Ընդունելութենէն ետք բազմութիւնը ուղղուեցաւ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ` ըմբոշխնելու վերամուտի առիթով ուսուցիչներուն ու աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը:

Բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, ապա աշակերտութեան կողմէ բացման խօսքը կատարեց Ժ. դասարանէն Քարին Գէորգեան, որ յիշելով ուսուցիչներուն անխոնջ աշխատանքը` զանոնք կոչեց «Կեանքի պայքարը յաղթահարելու ուղին ցոյց տուող առաջնորդներ», ապա իր երախտագիտութիւնը արտայայտելով` ան ըսաւ. «Հպարտ ենք, որ զաւակներն ենք այս վարժարանին, ուր ուսումնական անհրաժեշտ գիտելիքներու կողքին` կ՛ամրանան ազգային ոգին, հաւատքը ու կը զինուինք հայրենասիրութեամբ ու հայ մշակոյթի աւանդած արժէքներով»:

Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` հետեւեալ յաջորդականութեամբ.

- Լիլիթ եւ Արինա Աբրահամեաններ երգեցին «Հայաստան աշխարհ» երգը:
- Երկրորդական դասարաններու աղջիկներէն խումբ մը պարեց «Մի նամակ, մի համբոյր» կատակ-պարը:
- Ե. եւ Զ. դասարաններէն աշակերտներ արտասանեցին «Դպրոցն ահա» քերթուածը:
- Ժ. եւ ԺԱ. դասարանէն աշակերտներ Այնճարի բարբառով ներկայացուցին զաւեշտ մը ու ասացուածներ:

Ապա յատուկ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցան մանկապարտէզէն առաջին դասարան բարձրացող աշակերտները, որոնք Զ. դասարանի աշակերտներու ընկերակցութեամբ բեմ բարձրացան ու ստացան վարժարանին լոկոն կրող գլխարկներ` նուիրուած տնօրէնութեան կողմէ: (Նոյն գլխարկներէն տրամադրուեցան նաեւ մանկապարտէզի բոլոր աշակերտներուն): Զ. դասարանի աշակերտ Յակոբ Չափարեան արտասանեց Ա. դասարանի աշակերտներուն ուղղուած բարի գալուստի խօսքը` հաւաստիացնելով անոնց, որ նախակրթարանին մէջ իրենց մատղաշ ուղեղներուն մէջ դրոշմուած գիտելիքները անջնջելի պիտի մնան, եւ անոնց մաղթեց վեց տարիներու ուրախ ու երջանիկ օրեր:

Ապա տեղի ունեցաւ պետական քննութեանց յաջողած աշակերտներու գնահատագրերու յանձնում: Այնուհետեւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը` վերամուտը կոչելով «Դպրութեան տօն. դպրութիւն` լոյսի, հաւատքի, պապենական ժառանգութեան եւ հաւաքական ապրելակերպի, ձգտումներու ու տեսլականի»:

Ապա ան կեդրոնացաւ ներդաշնակ աշխատելաձեւի, հետեւողական ջանադրութեան եւ իրերօգնութեան գաղափարի կարեւորութեան վրայ` յայտնելով, թէ 2012-2013 տարեշրջանի վերամուտի սեմին անհնար է անտարբեր մնալ սուրիահայութեան դիմագրաւած տագնապին. ան հաստատեց. «Մենք ձեր կողքին ենք` աշակերտներէն խլուած ժամանակը անոնց վերադարձնելու»:

Շարունակելով խօսքը` տնօրէնը աւելցուց. «Լիբանանահայ դպրոցը հայ դպրոցն է, երբ ինքնապահպանման բնազդէն անդին` տիրութիւն կ՛ընէ բոլորին եւ կ՛առաջնորդուի համահայկական մտահոգութիւններով ու տեսլականով»: Եւ վերջապէս, ան ըսաւ, որ` «Պէտք է գօտեպնդուինք այս հաւատքով, որպէսզի մեր ազգի ծառին բունը կացինահարել փորձող թուրքն ու ազերին տեսնեն, որ այդ վիրաւոր բունէն կրնան ծլիլ աւելի խիզախ ծիլեր, քանզի մեր արմատները չեն խախտիր»:

Հանդիսութեան աւարտին իր հայրական պատգամը փոխանցեց Գեղամ արք. Խաչերեան, որ դպրոցի գաղափարը նոյնացնելով տան հասկացողութեան հետ` մէջբերեց Մ. Իշխանի հետեւեալ խօսքերը. «Հայ լեզուն տունն է հայուն, աշխարհի չորս ծագերուն, ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ»: Ան ըսաւ, թէ այս երեւոյթին իրական պատկերը յստակ է մեր աչքերուն առջեւ, երբ հալէպահայութեան զաւակները, իբրեւ հարազատ որդիներ, մուտք կը գործեն հայկական վարժարաններ:

Ապա ընտանիքի գաղափարին անդրադառնալով` ան հայ ժողովուրդը նմանցուց մէկ անուն կրող ընտանիքի, ուր իւրաքանչիւր անհատ պարտաւոր է կատարելու իր պարտականութիւնը, ինչպէս ընտանիքի մէջ, նոյնպէս ալ ազգային ընտանիքին մէջ, պահպանելով անոր բարքերն ու բարբառը:

Խօսքը ուղղելով աշակերտութեան` ան աւելցուց, թէ Մուսա Լերան ժառանգորդները ըլլալով` իրենց մէջ կը կրեն երկու հիմնական յատկութիւն. նախ` քաջութիւն, ապա` հայրենասիրութիւն. այս պատճառով լիբանանահայութիւնը մեծ ակնկալիքներ ունի Այնճարէն ու անոր աշակերտութենէն, որոնք բոլորն ալ ունին հայկական անուններ եւ գիտեն աւանդութիւններ պահել եւ թիավարել օտարամոլութեան հոսանքն ի վեր:

Սրբազան հայրը աստուածային օրհնութեամբ փակեց իր պատգամը:

Աշակերտները ոգեւորուած ու գալիք տարեշրջանի փայլուն հեռանկարներով ուղղուեցան վարժարանի բակերը` վերամուտի իրենց տօնախմբութիւնը շարունակելու:

Leave a Reply

Advertisement