Friday May 24, 2013

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ ԵՆ

By adminx - Fri Apr 22, 6:33 am

Ամերիկեան-ազրպէյճանական միացեալ ռազմափորձերը անյայտ պատճառներով յետաձգուած են: Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Թերի Տէյվիտսըն այս կապակցութեամբ յայտարարած է, որ ռազմափորձերը յետաձգուած են Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ, եւ հետեւաբար, «լաւ կ՛ըլլայ, որ այդ մասին հարցնէք նախարարութեան»:

Պատասխանելով Տէյվիտսընի այս յայտարարութեան` Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Էլտար Սապիրօղլու ըսած է, որ «հաւանաբար  յառաջիկային ռազմափորձերու կատարման օրը ճշդելէ ետք, այդ մասին տեղեկութիւն տրուի»:

Կը նախատեսուէր, որ ռազմափորձերը տեղի ունենան 15-25 մայիսին:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement