Thursday May 23, 2013

Աշխատասէր Մրջիւններ

By adminx - Sat Sep 29, 5:32 am

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անոնք անդադար կը շարժին մեր ոտքերուն տակ եւ շատ յառաջդիմած ընկերութիւն մը կը կազմեն: Գիտնականները միշտ մեծ հետաքրքրութեամբ կ՛ուսումնասիրեն անոնց կեանքն ու սովորութիւնները:

Անոնք մեզմէ մէկ միլիոն անգամ աւելի փոքր են:

Սակայն բոլորը միասին հաւաքուած` անոնց ծանրութիւնը կ՛անցնի ամբողջ մարդկութեան ծանրութենէն: Անոնք կրնան նաեւ իրենց ծանրութենէն 50 անգամ աւելի ծանր բաներ շալկել: Այո՛, անոնց հասակը մեծ չէ, սակայն անոնց ազդեցութիւնը մեծ է: Օրինակի համար, երբ բնութեան մէջ պտոյտի ելած էք, նայեցէք, թէ անոնք որքա՛ն արագ կը շրջին: Գետնի վրայ մեր տեսած այս մրջիւնները ամբողջ գաղութին միայն 10 առ հարիւրը կը ներկայացնեն:

Մեր ոտքերուն տակ մրջիւններուն աշխարհը մեր երեւակայածէն աւելի ընդարձակ եւ խրթին է: Բոյնին մէջ զինուորները մրջիւնի թրթուրներուն կը հսկեն, մինչ թագուհի մրջիւնը եւ ստնտու մրջիւնները անոնց հոգ տանելով կը զբաղին:

Հետախոյզ մրջիւնները կ՛երթան ուտելիք փնտռելու, մինչ հնձող մրջիւնները այդ ուտելիքները մրջնոց կը բերեն: Մրջիւններուն քով միութիւնը զօրութիւն է:

Գիտնականները Ինչո՞ւ Մրջիւններով
Կը
Հետաքրքրուին

Մրջիւնները ուսումնասիրութեան հետաքրքրական նիւթ մըն են, որովհետեւ անոնք ընկերային միջատներ են, որոնք խումբով կ՛ապրին: Գիտնականները կ՛ուզեն գիտնալ, թէ անոնք ինչպէ՞ս կը կազմակերպուին: Անոնք մարդկային ընկերութիւններէն շատ տարբեր են: Օրինակի համար, անոնց մօտ պետ մը գոյութիւն չունի: Թագուհին պարզապէս հաւկիթները կ՛ածէ: Ան ամբողջ գաղութի մրջիւններուն մայրն է, սակայն ան հրահանգներ չի տար:

Հետեւաբար անոնք ինչպէ՞ս կը կազմակերպուին: Մրջիւններու ընկերութիւնը «ինքնակազմակերպ» դրութեան վրայ հիմնուած է: Մրջիւն մը պիտի նայի, թէ իր դրացին ի՛նչ կ՛ընէ եւ ան նոյնը պիտի ընէ: Այս ձեւով է, օրինակի համար, որ բոյնը կը շինուի: Բոլոր մրջիւնները քոյրեր են: Անոնք իրարու շատ կ՛օգնեն: Հնձող մրջիւններուն կեանքը շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ անոնք կ՛ելլեն դուրսէն ուտելիք հաւաքելու: Սակայն բոյնին մէջ ապրող գաղութի մրջիւններուն 10 առ հարիւրը ոչինչ կ՛ընէ: Հետեւաբար ճիշդ չէ մտածելը, թէ բոլոր մրջիւնները կ՛աշխատին… Սակայն անոնք հոն են, կազմ ու պատրաստ, եթէ յանկարծ իրենց պէտք եղաւ:

Գիտէի՞ր, Թէ

  • Մրջիւնները ներկայ են մոլորակին ամբողջ տարածքին վրայ, նոյնիսկ` Անթարքթիքի, անապատներու, քարայրներու մէջ:
  • Սակայն կարգ մը շրջաններու մէջ անոնք աւելի մեծ թիւով կը գտնուին: Օրինակի համար, Ամազոնի անտառին մէջ յատուկ ծառի մը վրայ գոյութիւն ունին մրջիւնի նուազագոյնը յիսուն տարբեր տեսակներ. գրեթէ ամբողջ Անգլիոյ տարածքին վրայ գտնուող մրջիւնի տեսակներուն չափ:
  • Մեզի ծանօթ մրջիւններու 12 հազար տարբեր տեսակներէն իւրաքանչիւրը ունի իր մասնագիտութիւնը:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Ատլանտեան ովկիանոսին հարաւը` Պուվէ կղզին աշխարհի ամէնէն հեռաւոր կղզին է: Անոր ամէնէն մօտիկ ցամաքը Անթարքթիքան է, որ կը գտնուի աւելի քան 1590 քմ հեռու:
  • Մեղրահաւը իր թեւերը 40-90 անգամ կը շարժէ մէկ երկվայրկեանի մէջ:
  • Նորածին ագեվազը մօտաւորապէս 2.5 սմ մեծութիւն կ՛ունենայ եւ մէկ կրամէն պակաս կը կշռէ:
  • Բեւեռային արջերուն մազերուն մէջը պարապ է. այս ձեւով օդը անոնց մէջ կը բանտարկուի եւ կ՛օգնէ անասունին, որ տաք մնայ:
  • Ծառի ամէնէն հին տեսակը, որ տակաւին այսօր գոյութիւն ունի, մէջտեղ եկած է 160 միլիոն տարիներ առաջ, Ճիւրասիքի շրջանին: «Իչու» կոչուած այս ծառի տեսակին մենք տակաւին կրնանք հանդիպիլ Ճափոնի մէջ:
  • Քոալաները պէտք չունին հեղուկ խմելու: Իրենց անհրաժեշտ ջուրը անոնք կ՛առնեն մեծ մասամբ իրենց կերած տերեւներէն:
  • 7 միլիառերորդ մարդ արարածը պաշտօնապէս ծնաւ 31 հոկտեմբեր 2011-ին:
  • Հրատ մոլորակը երկրագունդէն երկու անգամ աւելի փոքր է, եւ ունի 6720 քմ տրամաչափ:
  • Իւրաքանչիւր մարդ արարածի դէմ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 170 միլիոն միջատներ:

 

Ձեռային Աշխատանք

Դպրոցական Տարեշրջանը
Լաւ Սկսելու Համար…

… Պէտք է լաւ կազմակերպուիլ եւ գրասեղանին վրայ, աչքերուն առջեւ ունենալ օրացոյց մը եւ շաբթուան դասացուցակը:

Ա.- Օրացոյց

Այս օրացոյցին առաւելութիւնը այն է, որ ան կը յարմարի որեւէ մէկ տարուան:

Այս ձեռային աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաս գունաւոր բարակ խաւաքարտի, խէժի, մկրատի, գծաքաշի, մատիտի, ներկերու եւ փակչող պզտիկ զարդարանքներու:

 

2.- Թուականները նշող երեք պզտիկ պիտակները երկուքի ծալէ եւ կէտաւոր գիծերուն վրայէն կտրէ

1.- Գունաւոր խաւաքարտերուն վրայ գծէ եւ կտրէ օրացոյցին տարբեր բաժինները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4.- Աջ կողմի սիւնակին վրայ գրէ տարուան ամիսները: Օրացոյցդ զարդարէ:

3.- Օրացոյցին ձախ կողմի սիւնակին վրայ ներկերով գրէ շաբթուան օրերը: Իսկ կեդրոնի սիւնակին վրայ գրէ 1-30 թիւերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

6.- Սիւնակներուն վարի ծայրերուն վրայ խէժ դիր: Խաւաքարտէ վերջին երիզը փակցուր օրացոյցին վարը:

5.- Պիտակները անցուր իրենց համապատասխանող սիւնակներուն մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հանրային Գրադարաններ

Քանսաս Սիթիի Մէջ

Այս գրադարանին պատին վրայի գիրքերը չես կրնար պայուսակիդ մէջ դնել եւ հետդ պտտցնել: Գիրքերու այս պատը շինուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Քանսաս Սիթիի հանրային գրադարանին քովը: Անոր վրայ ներկայացուած են 22 գիրքեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մօտաւորապէս 7,5 մեթր մեծութիւն ունի եւ 2,7 մեթր լայնք: Գիրքերուն վերնագիրները առաջարկուած է քաղաքին ընթերցողներուն կողմէ: Անոնց շարքին մենք կը գտնենք «Լորտ օֆ տը ռինկզ», «Շարլոթզ ուէպ», «Տի ատվենչըրզ օֆ Հաքլպերի ֆին», «Թու քիլ է մոքինկպըրտ»…

 

Պոկոթայի Մէջ

Գիտէի՞ր, թէ Պոկոթայի մէջ, Քոլոմպիա, գոյութիւն ունին «մինի» հանրային գրադարաններ: Նման մօտաւորապէս 50 կրպակ-գրադարաններ կը գտնուին քաղաքին հանրային պարտէզներուն շուրջ եւ մօտաւորապէս 100 գրադարաններ` ամբողջ երկրին մէջ: Կամաւորներ շաբթական 12 ժամ կը տրամադրեն այդ գրադարանները վարելու, աշխատանքներ կազմակերպելու եւ աշակերտներուն օգնելու համար: Մինչ երկրին ուրիշ հեռաւոր շրջանի մը մէջ նախակրթարանի ուսուցիչ մը ընթերցանութեան գիրքեր կը բաժնէ մեկուսացած վայրերու բնակիչներուն` ամէն շաբաթավերջ ութ ժամ ճամբորդելով, մինչեւ 11 քմ հեռաւորութիւններ կտրելով, իր գիրքերը փոխադրելով իր երկու էշերուն, «Ալֆա»-ի եւ «Պեթօ»-ի կռնակներուն վրայ շարած:

Գիտէի՞Ր, Թէ

Աշխարհի ամէնէն մեծ գրադարանը Ուաշինկթընի մէջ, «Լայպրէրի օֆ քոնկրեսն» է: Ան ունի աւելի քան 33 միլիոն գիրք եւ տպուած գործեր: Այդ բոլոր գործերը շալկող դարաններուն երկարութիւնը կը հասնի աւելի քան 1340 քմ-ի:

 

 

Ժամանց

 

 

Կրնա՞ս գտնել վերի առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել արդուկի սեղանին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել միւսներէն տարբեր կերպարը:

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` թիւերը դնելով իրենց համապատասխանող տեղերը:

Leave a Reply

Advertisement