Tuesday May 21, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Sat Sep 29, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պիտի շարժէք կարեւոր անձերու ուշադրութիւնը, որոնք պիտի հիանան ձեր տաղանդին եւ տարբեր կարողութիւններուն: Յաջող է օրը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ականջ տուէք եւ պատասխանեցէք ձեր երազներուն, փափաքներուն: Այսօր ոչինչ անտեսեցէք, ինչ կը վերաբերի ձեր յառաջդիմութեան եւ բարիքին:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր բարեկամները կամ ձեր գործակիցները կ՛ուզեն ձեզ տեսնել տարբեր անկիւնէ տեսնուած: Փոխեցէք ձեր տեսակէտը, յարմարեցէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շարունակեցէք աշխատիլ կամ հետեւիլ ձեր ընտրած գործին: Թոյլ մի՛ տաք, որ չար լեզուներ համարձակին ձեզ բամբասել կամ զրպարտել:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կապի մէջ պիտի մտնէք արտասմահմանի հետ` գործով մը կամ բարեկամկան տրամադրութեամբ: Այս յարաբերութիւնը ձեզ պիտի հարստացնէ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Իրաւունք ունիք լաւատես ըլլալու: Օրուան պատահարները պիտի քաջալերեն ձեզ: Պիտի յաջողիք ձեր մշակած ծրագիրը իրագործել: Օրը յաջող է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի կարենաք հարցերը կարգադրել անձերու հետ, որոնք կը դառնան ձեր շուրջը: Դիւանագիտութիւնը արուեստ է, հետեւեցէք անոր:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը եւ ժամանակը յարմար են` կատարելու կարեւոր աշխատանք մը տնային բարենորոգման կամ յարդարանքի իմաստով: Այս ամէնը կատարեցէք ժպտուն:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Սէրկ ձեզի պիտի տայ ուժ, որուն պէտք ունիք: Սիրով կրնաք հարթել ամէն դժուարութիւն: Այս պարագային կարեւոր է համեստութիւնը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ներեցէք անցեալին գործուած սքալները: Ուրիշներ նոյնը կ՛ընեն ձեզի: Քինախնդիր մի՛ ըլլաք, այլ` ներողամիտ: Կը շահիք անպայման:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր շուրջը պիտի վայելէք քաղցր եւ սիրալիր վերաբերումը ձեր ծանօթներուն, բարեկամներուն: Քաջալերական տրամադրութիւն մը, զոր հարկ է ըմբոշխնէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Փափաքը ունիք հետեւելու նոր զգեստաւորման, բարեփոխելու ձեր արտաքին տեսքը նորութիւններով: Ցուցափեղկերը կը ներկայացնեն ձեր ճաշակին յարմար հագուստ-կապուստներ: Շուկայ գացէք:

Leave a Reply

Advertisement