Ճատրակի Մրցաշարք` Նախկին Խորհրդային Միութեան Համալսարանաւարտներու Ճատրակի Ակումբին Մէջ Կիրակի, 30 Սեպտեմբերին Տեղի Կ՛ունենայ Տարիքային Մրցաշարք Մը
By adminx - Fri Sep 28, 6:00 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Հիւսէյն Համմուտ, երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի մարզական էջի խմբագիրին հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ կիրակի, 30 սեպտեմբերին, Նախկին Խորհրդային Միութեան համալսարանաւարտներու ճատրակի ակումբին մէջ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջան, ԵՈՒՆԵՍՔՕ թաղ, Ֆախրի շէնք, Ա. յարկ) տեղի պիտի ունենայ ճատրակի տարիքային երկսեռ մրցաշարք մը` 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:
Զուիցերիական ձեւով (ընդամէնը 6 հանգրուան) տեղի ունենալիք այս մրցաշարքը պիտի սկսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Սակայն Համմուտ ըսաւ, որ դիւրացնելու համար կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն աշխատանքը, անոր մասնակցիլ փափաքողները պարտին նուազագոյնը կէս ժամ առաջ հոն ներկայ գտնուիլ:
Եզրափակելով ան յոյս յայտնեց, որ եթէ մասնակցողները իրենց անունները նախապէս արձանագրեն, անոր կազմակերպումը պիտի ըլլայ շատ աւելի լաւ, եւ բնականաբար այս ձեւով տարիքներու բաժանումին ընթացքին ակամայ սխալներ պիտի չպատահին:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս մրցաշարքին մասնակցիլ, կրնան իրենց անունները արձանագրել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւին 03-771795:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print



