«Արմաւիա» Կը Գտնուի Վաճառքի Հանգրուանին Մէջ
By adminx - Fri Sep 28, 7:44 am
- 0 Comments
- 189 views
- Tweet
Email
Print
«Արմաւիա» ընկերութեան մամլոյ բանբեր Նանա Աւետիսովա emedia.am կայքէջին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ «Արմաւիա» կը գտնուի բանակցութիւններու հանգրուանին մէջ` երկու գնողներու հետ, որոնցմէ մէկը իտալական ընկերութիւն է: Ան վստահեցուց, որ չի կրնար նշել իտալական ընկերութեան անունը:
«Ատիկա տակաւին չէ վաճառուած. մենք կը գտնուինք բանակցութիւններու հանգրուանին մէջ: Գնել ցանկացողները քանի մը հատ են եւ այժմ աշխուժ երկխօսութեան հանգրուանին մէջ կը գտնուինք», ըսաւ Աւետիսովա` աւելցնելով, որ երբ որեւէ տեղեկութիւն ըլլայ այդ մասին, պիտի կատարուի պաշտօնական յայտարարութիւն:
- 0 Comments
- 189 views
- Tweet
Email
Print



