Նախագահ Սլէյման. «Կ՛աշխատինք Գործակցիլ Արտերկրի Լիբանանցիներուն Հետ Կերտելու Համար Արդի Պետութիւն Մը»
By adminx - Fri Sep 28, 7:41 am
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատէն ուղղակի պատկերասփռուած ճառով մը մասնակցեցաւ Ժիպէյլի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցող «Մեր քուէն մեր երկրին – 2013-ի ընտրութիւններուն մասնակցելու արտերկրի լիբանանցիներուն իրաւունքը» նիւթով արշաւին:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիները Լիբանանի սպիտակ քարիւղը կը նկատուին` նշելով, որ անոնք օժանդակած են երկիրը գեղեցկացնելու աշխատանքին, ամէն անգամ, երբ Լիբանանի բնակիչները փորձած են այլանդակել զայն:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հաղորդակցելու եւ գործակցելու համար արտերկրի լիբանանցիներուն հետ` կերտելու համար արդի պետութիւն մը եւ ապահովելու համար երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու անոնց արդար իրաւունքը:
Այս ծիրին մէջ ան շեշտեց, որ արտերկրի լիբանանցիները պէտք է ստանան նաեւ լիբանանեան քաղաքացիութիւն:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է վաւերացնել արդի ընտրական օրէնք մը, որ կ՛ամրապնդէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի երիցագոյն երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյնը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական հարցերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Օմար Պարազանժի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան-իրաքեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Իրաքի ներքին կացութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ուրուկուէյի դեսպանը եւ արժանթինեան պատուիրակութիւն մը:
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print




