Պըրրի. «Լիբանանը Փոքր Ընտրաշրջաններու Բաժնող Ընտրական Օրէնքը Կ՛ամրապնդէ Ծայրայեղութիւնը»
By adminx - Fri Sep 28, 7:34 am
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախարարներ Ղազի Արիտին, Ուաէլ Ապու Ֆաուրը եւ Ալաէտտին Թըրրոն, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Արիտի մաղթեց, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին ճշդուած թուականին եւ ընթանան այնպիսի մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին լիբանանցիները կարենան իրենց ազատ կամքով ընտրութիւն կատարել: «Այս ծիրին մէջ սակայն, պէտք է նշել, որ ընտրական օրինագիծի մը մշակումը կարեւոր է եւ շատ զգայուն, սակայն մենք կը փափաքինք, որ համախոհութիւն կարելի ըլլայ գոյացնել եւ քաղաքական ոչ մէկ ուժ դուրս մնայ այդ համախոհութենէն», ըսաւ ան:
Արիտի շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մշակած Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրինագիծը, ինչպէս նաեւ համաձայն չեն համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրինագիծին, այլ կը նախընտրեն 1960-ի ընտրական օրէնքը:
Միւս կողմէ, Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը մերժէ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնել` աւելցնելով, որ անիկա կ՛ամրապնդէ ծայրայեղութիւնը: Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանը 50 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնք մը երբեք չի համապատասխաներ Թաէֆի համաձայնագիրին:
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print




