Ապահովութեան Խորհուրդը Արաբական Լիկային Կոչ Կ՛ուղղէ` Միջին Արեւելքի Մէջ Տագնապները Լուծելու Իր Ջանքերը Շարունակելու
By adminx - Fri Sep 28, 7:28 am
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Արաբական լիկային կոչ ուղղեց` «Միջին Արեւելքի մէջ տագնապները լուծելու համար իր ջանքերը շարունակելու եւ միացեալ ջանքերուն իր մասնակցութիւնը ամրապնդելու»:
Ապահովութեան խորհուրդը Միջին Արեւելքի շուրջ իր բարձրաստիճան նիստին աւարտին վերահաստատեց Միջին Արեւելքի մէջ արդար ու համապարփակ խաղաղութեան եւ արաբ-իսրայէլեան տագնապին համապարփակ լուծման նկատմամբ իր յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը շեշտեց:
Խորհուրդի հաղորդագրութիւնը քաղաքակրթական եւ կրօնական տարատեսակութիւնը յարգելու եւ անոր նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը շեշտեց, ինչպէս նաեւ ընդգծեց հանդուրժողականութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման շուրջ երկխօսութեան Արաբական լիկայի եւ ՄԱԿ-ի աջակցութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը:
Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց վերջին զարգացումներուն եւ դէպքերուն լոյսին տակ երկիրներու, քաղաքակրթութեանց եւ մշակոյթներու միջեւ փոխհասկացողութիւնը ամրապնդելու համար համագործակցութիւնը ամրապնդելու:
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print



