Sunday May 26, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Fri Sep 28, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Բախտին հաւատք կամ ոչ, այսօր ան պիտի ժպտի ձեզի եւ պիտի փոխէ ձեր համոզումը: Նիւթական բախտաւորութիւն մը ձեզ կը սպասէ: Օրը պիտի ընթանայ ըստ ձեր ճաշակին եւ ձեր նախասիրութեան:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր առողջութիւնը կայուն վիճակ ունի: Շարունակեցէք ձեր ուշադիր ջանքերը, ինչ կը վերաբերի առողջ սննդառութեան եւ մարզանքի: Քալեցէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Առանձին չէք, ունիք օգնականներ եւ խորհրդատուներ, եթէ պէտք ունենաք: Կեանքը ինքնին արդէն ուսանելի դպրոց մըն է: Օրը յաջող է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ թողուք, որ ուրիշներ միջամտեն ձեր որոշումին, փոփոխութեան առաջարկներ ներկայացնեն: Մնացէք ինքնուրոյն` առանց հետեւելու միւսին:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բախտախաղէ հեռու մնացէք, բայց վիճակախաղի մասնակցիլն ալ հաճոյք նկատեցէք պարբերաբար. կրնաք բախտաւորուիլ, փորձեցէք այսօր:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ունիք յատուկ շնորհներ, որոնց դրսեւորումը անհրաժեշտ է ձեր յառաջդիմութեան եւ ձեր վարկին համար: Քանքարաթաքոյց մի՛ ըլլաք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքները բարդուած են իրարու վրայ եւ շուարած կը թուիք` ո՞ր մէկէն սկսելու: Բնաւ մի՛ մտահոգուիք, դուք ձեռնհաս էք, գործնական միջոցառումներ կրնաք գտնել:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Վերջերս մոռցած ըլլալ կը թուիք խնայասիրութեան արժէքը: Վերադարձէք ձեր իմաստութեան: Ձեր քսակին տէրը եղէք, հեռու` մսխումէ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տալը նախընտրեցէք առնելէ, ըստ օրուան պահանջին: Ձեր առատաձեռնութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ, ձեր հոգեկան տրամադրութիւնը` բարձր:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կրնաք ունենալ նախանձողներ, բայց կարեւորութիւն մի՛ տաք: Առածը կ՛ըսէ` «Պտուղ տուող ծառին քար նետող շատ կ՛ըլլայ»:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր տան ելեկտրական սարքերը նորոգելու պիտի պարտաւորուիք: Նախազգուշութիւնը առաջքը կ՛առնէ հաւանական արկածի կամ անպատեհութեան:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նիւթական վարձատրութիւն պիտի ունենաք ձեր կատարած յաջող գործունէութեան համար: Այս իրողութիւնը պիտի դասաւորէ ձեր ապագայ ծրագիրները: Հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն:

Leave a Reply

Advertisement