Sunday May 26, 2013

Հունգարիա Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Վերականգնման Ակնկալութեամբ Նամակ Մը Յղած Է. Հայաստան Հունգարիայէն «Գործնական Եւ Յստակ Քայլեր» Կը Սպասէ

By adminx - Thu Sep 27, 7:49 am

Հունգարիոյ կառավարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 24 սեպտեմբերին դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման ակնկալութեամբ նամակ մը յղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան: Հունգարական կողմը շահագրգռուածութիւն կը յայտնէ առանց նախապայմաններու դադրեցնելու Հայաստանի կողմէ միակողմանի կերպով դիւանագիտական յարաբերութիւններու առկախումը:

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է. «Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր ողջոյնը կը յղէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան: Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը փափաք կը յայտնէ Հունգարիոյ կառավարութեան շահագրգռուածութիւնը յայտնել` դադրեցնելու Հայաստանի կողմէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու միակողմանի կասեցումը` առանց նախապայմաններու:

«Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առիթէն կ՛օգտուի Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան վերահաստատելու իր մեծագոյն յարգանքը»:

«Երկիր Մետիա»-ի այն հարցումին, թէ վերոնշեալ նամակին Հայաստանի պատասխանը ի՞նչ պիտի ըլլայ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան պատասխանած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հունգարիայէն գործնական եւ յստակ քայլեր կ՛ակնկալէ»:

 

 

Leave a Reply

Advertisement