Նախագահ Սլէյման. «Շրջանին Մէջ Ժողովրդավարական Վարչակարգի Տարածումը Առիթ Մըն Է Ամրապնդելու Լիբանանի Ժողովրդավարութիւնը»
By adminx - Thu Sep 27, 7:40 am
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան վերաբերող աշխատանքները եւ Մուքպելի նախագահած նախարարական յանձնախումբերուն ստանձնած աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:
Նախագահին այցելեցին նաեւ Պելճիքայի եւ Լիւքսամպուրկի պաշտպանութեան նախարարներ Փիթըր տը Քրեմ եւ Ժան Մարի Հալստորֆ, որոնք նախագահ Սլէյմանի յայտնեցին, որ Լիբանան կ՛այցելեն ստուգելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն մաս կազմող իրենց երկիրներուն ջոկատները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խաղաղութեան պահպանումին ու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան ծիրին մէջ պելճիքական եւ լիւքսամպուրկեան ջոկատներուն դերակատարութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Երկխօսութեան մշակութային հանդիպումը, որուն ներկայութեան ողջունեց վերջերս որդեգրուած կեցուածքները, ինչպէս նաեւ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, որ Լիբանանը զանց պիտի կացուցէ տարբեր երկիրներու ներքին հարցերէն:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ շրջանին մէջ ժողովրդավարական վարչակարգի տարածումը պէտք է առիթ ըլլայ Լիբանանին` ամրապնդելու իր ժողովրդավարութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նաեւ Լիբանանի մէջ ընտրական արդի օրինագիծ մը մշակելու կարիքը:
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print




