«Ընտրական Օրէնքը Պէտք Է Համապատասխանէ Թաէֆի Համաձայնագիրին» Շեշտեց Պըրրի
By adminx - Thu Sep 27, 7:38 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ ընտրական որեւէ օրէնք պէտք է համապատասխանէ Թաէֆի համաձայնագիրին` աւելցնելով, որ ինք պիտի չմերժէ քրիստոնեայ քաղաքական կողմերուն վաւերացուցած որեւէ օրինագիծ:
Խորհրդարանի նախագահը լուսարձակի տակ առաւ նաեւ շարք մը այլ հարցեր, որոնցմէ է քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարը:
Պըրրի շեշտեց, որ կան նոր ուսումնասիրութիւններ, որոնց համաձայն, լիբանանեան ջուրերը հարուստ են բնական կազի եւ քարիւղի հանքերով:
Այս ծիրին մէջ Պըրրի երէկ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց Քարիւղի պեղման յանձնախումբին կազմութիւնը ե աշխատանքի ստանձնումը: Ան հարց տուաւ, որ արդեօք կարգ մը անձնաւորութիւններ պէտք է քարիւղի հանքերուն մէջ լողա՞ն, որ համոզուին, թէ լիբանանեան ջուրերուն մէջ քարիւղ եւ բնական կազ կայ:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ Պելճիքայի եւ Լիւքսամպուրկի պաշտպանութեան նախարարներ Փիթըր տը Քրեմը եւ Ժան Մարի Հալստորֆը եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ալի Համտանի:
Հանդիպումէն ետք Տը Քրեմ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը եղած է առիթ մը` քննարկելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն իրավիճակը: Ան նշեց, որ Պելճիքա վերադարձին իր կառավարութեան պիտի ներկայացնէ ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող պելճիքական զօրամասին աշխատանքները նաեւ 2013-ին շարունակելու եւ լիբանանեան բանակին հետ պելճիքական ուժերուն յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Իր կարգին, լիւքսամպուրկցի նախարարը յայտնեց, որ ինք համամիտ է Տը Քրեմի կեցուածքին` աւելցնելով, որ Լիւքսամպուրկի ջոկատը մինչեւ 2013 պիտի մնայ Լիբանան:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print




