Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Ժիպէյլ
By adminx - Thu Sep 27, 7:37 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աունը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Սաատէ յայտնեց, որ ինք Ռայի պատրիարքին մօտ շօշափած է ընտրական օրէնքի մը շուրջ քրիստոնէական համախոհութիւն գոյացնելու վճռակամութիւնը:
Աուն եւ Սաատէ շեշտեցին, որ իրենք պատրաստ են ընդառաջելու որեւէ հանդիպումի, որուն կը հրաւիրէ Ռայի պատրիարքը:
Սաատէ նշեց նաեւ, որ Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ գտած է նաեւ ընտրական օրէնքին քննարկումը այլ համայնքներու հետ:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ կարեւորը այն է, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ չկատարուին յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները` աւելցնելով, որ իրենք Ռայի պատրիարքին տրամադրութեան տակ կը գտնուին:
Նշենք, որ երէկ կէսօրէ ետք Ռայի պատրիարքը հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ժիպէյլ-Հրուֆի գիւղերը:
Իր այցելութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն պատգամն է խաղաղութիւն հաստատել` սիրով եւ գործակցութեամբ:
Երեկոյեան Ռայի պատրիարքը նախագահեց Քֆարմասհունի Մար Ապտա եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ վայրագութիւնը, ծայրայեղութիւնը եւ բռնի ուժով ու կրօնի անունով գործուած արարքները կը սպառնան խաղաղութեան:
Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց կրօնի անունով գործուող սպանութիւնները, կրօնի անունով կարծիքներու փոփոխութիւն պարտադրելը:
«Մեզի համար սպառնալիք կը նկատուի նաեւ կրօնի, Աստուծոյ, արժէքներու, ուրիշին եւ խաղաղութեան դէմ արմատականութիւնը, որ կը ջրէ խաղաղութիւնը, սրբութիւնը, գործակցութիւնն ու վկայութիւնը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print




