Զօր. Քահուաժի Հանդիպումներ Ունեցաւ Բրիտանացի Պատասխանատուներու Հետ
By adminx - Thu Sep 27, 7:35 am
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի 24 եւ 25 սեպտեմբերին այցելած է Բրիտանիա` ընդառաջելով բրիտանական ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Տէյվիտ Ռիչըրտզի հրաւէրին:
Հաղորդագրութեան համաձայն, զօր. Քահուաժի Լոնտոնի մէջ հանդիպումներ ունեցած է պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային ապահովութեան խորհուրդին հետ:
«Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Բրիտանիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին եւ շրջանային կայունութեան նպատակով տրամադրուած օժանդակութիւնները: Բանակի հրամանատարը շրջեցաւ նաեւ զինուորական մարզումի կարգ մը կեդրոնները, որոնց շարքին նաեւ «Սենտհըրսթ» զինուորական ակադեմիան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի սպաներու հետ, որոնք զինուորական մարզումի կը հետեւէին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ զօր. Քահուաժի եւ զօր. Ռիչըրտզ քննարկած են Բրիտանիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին մատուցուած օժանդակութիւնները աւելցնելու կարելիութիւնները` գնահատելու համար Լիբանանի անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ կայունութիւնը պահպանելու նպատակով լիբանանեան բանակին կարեւոր դերակատարութիւնը:
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print




