Tuesday May 21, 2013

Սապունճեան Բացումը Կատարեց Սննդամթերքի Ճարտարարուեստի Արտօնագիրի Նոր Պայմաններ Որոնելու Ուըրքշոփին

By adminx - Thu Sep 27, 7:32 am

Ուըրքշոփի բացումէն պահ մը

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ Ռաուշէի «Սաֆիր-Հելիոփոլիթըն» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց սննդամթերքի ճարտարարուեստի արտօնագիրներ ապահովելու նոր պայմաններու հաստատման ուըրքշոփին:

Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը տուած է այնպիսի որոշումներ, որոնք գործարաններուն կը պարտադրեն առողջապահական եւ կենսոլորտային չափանիշներուն նկատմամբ յանձնառութիւն ցուցաբերել:

«Մենք կը դիմագրաւենք լուրջ մարտահրաւէրներ, եւ անոնց դէմ դնելու մեր կամքը զօրաւոր է, որովհետեւ ունինք կարողութիւններ եւ դասեր կը քաղենք մեր փորձառութիւններէն, ինչպէս նաեւ կը փորձենք գործադրել այնպիսի լուծումներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի տնտեսական կայունութիւնը», ըսաւ Վ. Սապունճեան:

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Հանց Զիտել» ընկերութեան ներկայացուցիչ Անթուան Ղարիպի, որ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը մասնակցի այս ուըրքշոփին` զայն յաջողցնելու նպատակով:

 

Leave a Reply

Advertisement