Ահմատինեժատ Սուրիոյ Մէջ Յարանուանական Պատերազմի Մօտալուտ Աւարտի Բացակայութեան Նկատմամբ Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ
By adminx - Thu Sep 27, 7:28 am
- 0 Comments
- 171 views
- Tweet
Email
Print
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ ամերիկեան «Փի.Պի.Էս.» եւ «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իրան ինչպէ՞ս կրնայ նպաստել Սուրիոյ մէջ բախումներու դադրեցման, յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ ներկայիս կացութիւնը շատ բարդ է. արդարեւ, գոյութիւն ունին շարք մը տարրեր, որոնք այդ երկրին մէջ ժխտական դերակատարութիւն ունենալու վրայ կը պնդեն, սակայն Իրան այս հարցով յստակ պատկերացում մը ունի եւ կը կարծէ, որ սուրիացի ժողովուրդը իրաւունք ունի ազատութիւն, արդարութիւն, յարգանք եւ ընտրելու իրաւունք վայելելու»:
Իրանի նախագահը նշեց, որ իր երկիրը աւելի քան երբեք մտահոգ է Սուրիոյ ապագային նկատմամբ` աւելցնելով, որ Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի պարտաւորութիւններէն մեկնելով (Իրան շարժումի նախագահն է. «Ա.»)` Իրան Սուրիոյ մէջ առնչակից կողմերուն միջեւ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար կապի յանձնախումբի մը կազմութեան ուղղութեամբ կ՛աշխատի եւ կը ջանայ Իրանի, Եգիպտոսի, Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ կողքին այլ երկիրներ եւս անոր միացնել»:
Ահմատինեժատ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Իրան Սուրիա զէնք կ՛ուղարկէ` աւելցնելով, որ եթէ Սուրիա զէնք ստանալ ուզէր, ապա միջազգային բեմի վրայ բազմաթիւ բարեկամներ ունի, որոնք կրնան Իրանէն առաջ զէնքեր տրամադրել անոր: Ան ըսաւ, որ Իրան Սուրիոյ հետ պատմական եւ սերտ յարաբերութիւններ ունի, անոր համար ալ բախումներուն ընթացքին սպաննուած որեւէ անձ Իրանի բարեկամներէն մէկը կը նկատէ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք օր մը Իրան, Ռուսիա եւ Չինաստան Սուրիոյ նախագահէն պիտի պահանջե՞ն իշխանութենէն հեռանալ, ան ըսաւ. «Կը կարծէք, թէ Սուրիոյ ճակատագիրն ու ապագան ուրիշնե՞րը պէտք է ճշդեն: Իրանի կարծիքով, Սուրիոյ օգնելու լաւագոյն ձեւը մարտնչող կողմերը համաձայնութեան հասցնելն է եւ ազատ ընտրութիւններու կայացման նախադրեալներ ապահովելը, որպէսզի սուրիացի ժողովուրդը իր ճակատագիրը ի՛նք ճշդէ»:
Ահմատինեժատ վստահեցուց, որ Իրան շրջանի բոլոր պետութեանց բարեկամն է «եւ այսօր շրջանին մէջ նոր բարեկամներ ունեցաւ: Իրան մեծ պետութիւն է եւ ան Սուրիոյ մէջ յարանուանական պատերազմի մօտալուտ աւարտի բացակայութեան նկատմամբ մտահոգ է, որովհետեւ այդ պատերազմը կրնայ Թուրքիոյ, Յորդանանի եւ այլ պետութեանց նման դրացի երկիրներ տարածուիլ»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին` յայտնեց, որ լիկան կը փորձէ իրեն վերաբերող հարցերը լուծել, սակայն եթէ ձախողի, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի դիմէ` նշելով, որ «արաբական լիկան Ապահովութեան խորհուրդին դիմեց սուրիական տագնապը լուծելու գծով ձախողելէ ետք»:
Ըստ անոր, «ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի անկարելի առաքելութիւն մը կը դիմագրաւէ»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը յայտարարեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները Նիւ Եորքի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն` քննարկելու համար սուրիական թղթածրարը` նշելով, որ «քաթարական առաջարկը արաբական մարտական ուժեր Սուրիա ուղարկել չ՛ընդգրկեր»:
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման այլընտրանք գոյութիւն չունի` կոչ ուղղելով աւելի քան 200 հազար սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող իր երկրին յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու, որպէսզի ձմրան ընթացքին մարդասիրական աղէտի մը վտանգը կանխարգիլուի:
Ան ըսաւ, որ պէտք է Սուրիոյ մէջ բռնարարքները անմիջապէս դադրին եւ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթ մը սկսի:
Թագաւորը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ տագնապն ու Միջին Արեւելքի կացութիւնը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը նշեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան Սուրիոյ զինեալներուն նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութիւնը «սահմանադրական ոճիր» է:
Մինչ այդ, երկու ուժգին պայթումներ երէկ ցնցեցին Դամասկոսի Օմայատներու հրապարակին մօտ գտնուող Սուրիոյ բանակի սպայակոյտի շէնքը: Պայթումներէն ետք շէնքին մէջ զինեալներու եւ սուրիական բանակին միջեւ բախումներ տեղի ունեցան: Բանակը յաջողեցաւ շէնքը եւ շրջանը պահել իր վերահսկողութեան տակ: Զինուորական աղբիւր մը աւելի ուշ յայտնեց, որ ըստ հետաքննութեան նախնական արդիւնքներուն, պայթումները արդիւնք էին երկու ականուած ինքնաշարժներով անձնասպանական գործողութեան մը, որուն պատճառով շէնքի պահակագունդէն չորս զինուորներ զոհուած են եւ 14 զինուորներ ու քաղաքայիններ վիրաւորուած:
- 0 Comments
- 171 views
- Tweet
Email
Print




