Սպանիայէն Եւ Փորթուգալէն Ետք Յունաստանի Մէջ Ցուցարարներ-Ոստիկանութիւն Բախումներ
By adminx - Thu Sep 27, 7:26 am
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print
Յունական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր ռումբեր արձակեց` ցրուելու համար անիշխանականներ, որոնք երկրին մէջ տնտեսական սեղմումի քայլերուն դէմ իբրեւ բողոք յայտարարուած միօրեայ գործադուլի ընթացքին Աթէնքի մէջ խորհրդարանին մօտ հրավառ ռումբեր նետած էին:
Բախումները ընթացք առին կառավարական ծախսերը 11.5 միլիառ եւրոյով կրճատելու ծրագիրին դէմ բողոքի ցոյցերու ընթացքին: Կրճատումը 31 միլիառ եւրոյի օժանդակութիւն մը ստանալու համար նախապայման է, սակայն անգործութեան եւ բնակչութեան մէկ երրորդին աղքատութեան չափանիշէն նուազ մակարդակի վրայ յայտնուելէն ետք ծրագիրը բուռն ընդդիմութիւն կը դիմագրաւէ: Առանց նշեալ օժանդակութեան, Յունաստան կրնայ շաբաթներ ետք սնանկանալ:
Պահպանողական վարչապետ Անթոնիս Սամարասի կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ հանգստեան թոշակները նուազեցնելով եւ հանգստեան կոչուելու տարիքը 67-ի բարձրացնելով դրամ խնայել:
Երեքշաբթի օր Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ նոյնպիսի քայլերու դէմ բողոքի ցոյցերու ընթացքին ոստիկանութեան հետ բախումի պատճառով 38 անձեր ձերբակալուած էին եւ 64 ուրիշներ վիրաւորուած: Իսկ Փորթուգալի մէջ կառավարութիւնը պաշտօնեաներու եկամուտի տուրքերը բարձրացնելու քայլէն հրաժարելու մղած մեծ ցոյցերէն ետք, նախարարաց խորհուրդը արտակարգ նիստ մը կը գումարէ:
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print



