Աշխարհահռչակ Դաշնակահար Քիսին Կը Մերժէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Չճանչցող Թուրքիա Այցելել
By adminx - Wed Sep 26, 7:53 am
- 0 Comments
- 373 views
- Tweet
Email
Print
«Երեւանեան հեռանկարներ» 13-րդ միջազգային փառատօնի շրջագիծին մէջ Երեւան կը գտնուի աշխարհահռչակ դաշնակահար Եւկենի Քիսին, որ 27 սեպտեմբերին ելոյթ պիտի ունենայ Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ: Ան ըսած է. «Անկեղծօրէն ուրախ եմ 28 տարուան մէջ առաջին անգամ այստեղ ըլլալուս համար: Երեւանեան փառատօն արտայայտութիւնը կը հնչէ յուսալի եւ վստահելի: Կան պետութիւններ, ուր չեմ երթար որոշ նկատառումներէ ելլելով»:
Ըստ 1in.am-ի, ան յայտնած է, որ Թուրքիա չ՛երթար, թէեւ ունեցած է հրաւէրներ, ճիշդ այն պատճառով, որ այդ երկիրը Հայոց ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցած: Ան չ՛երթար նաեւ Չինաստան, որովհետեւ, ինչպէս կատակով ըսած է, այդ կարմիր դրօշներուն շրջապատին մէջ մեծցած է:
- 0 Comments
- 373 views
- Tweet
Email
Print



