Sunday May 19, 2013

Վարչապետ Սարգսեան Պիտի Մասնակցի ԱՊՀ-ի Կառավարութիւններու Ղեկավարներու Խորհուրդի Նիստին

By adminx - Wed Sep 26, 7:51 am

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը վաղը երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Եալթա` մասնակցելու Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին աւելի քան 20 փաստաթուղթեր, որոնք ուղղուած են ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ համարկումի հոլովոյթներու զարգացման, ինչպէս նաեւ տնտեսական, մարդասիրական յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ խորացման: Պիտի քննարկուին նաեւ ապահովութեան հարցեր:

Կառավարական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Սարգսեան, Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, Հայաստանի տնտեսագիտութեան նախարարի առաջին տեղակալ Կարինէ Մինասեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

 

Leave a Reply

Advertisement